ՀՄԸՄ-ի ՍԵՎԱՄ Մարզական Յանձնախումբի Փինկ-Փոնկի Մրցաշարքը Ընդգրկեց 658 Մրցումներ

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՄԸՄ-ի ՍԵ­ՎԱՄ (Սուր­ի­ա­հայ Երկ­սեռ Վար­ժա­րան­նե­րու Աշա­կեր­տա­կան Մր­ցա­շար­քեր) Մար­զա­կան Յանձ­նա­խում­բին, Հինգ­շաբ­թի, 16 Փետր­ուար 2017-ի յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 2:30-ին, Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Երկրդ. վար­ժա­րա­նի շր­ջա­փա­կէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ 2017-ի մար­զա­կան մր­ցա­շար­քե­րու բաց­ման հան­դի­սու­թիւնը (առա­ջին հանգր­ուա­նին փինկ-փոն­կի միջդպ­րո­ցա­կան մր­ցա­շար­քին), ներ­կա­յու­թեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան եւ Սուր­իոյ Շրջ. Սկաուտ Խոր­հուր­դին, հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց, մար­զիչ­նե­րու, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ աշա­կեր­տու­թեանց:

148 աշա­կերտ-աշա­կեր­տու­հի­ներ իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին սոյն մր­ցա­շար­քին հե­տեւ­եալ վար­ժա­րան­նե­րէն.

Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան, Լ.Նա­ճար­եան-Գ.Կիւլ­պէնկ­եան Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան, Կր­թա­սի­րաց Ս. Չէմ­պէրճ­եան Երկրդ. վար­ժա­րան, Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Երկրդ. վար­ժա­րան, Կի­լիկ­եան ճե­մա­րան, Մխի­թար­եան վար­ժա­րան եւ Ազգ. Մի­աց­եալ նա­խակր­թա­րան:

Բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րով` կա­տա­րո­ղու­թեամբ ՀՄԸՄ-ի փո­ղե­րա­խում­բին: Օր­ուան բե­մա­վարն էր ՍԵ­ՎԱՄ Մար­զա­կան Յանձ­նա­խում­բէն քոյր Անի Մի­նաս­եան: Ան ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք ներ­կա­յա­ցուց ՍԵ­ՎԱՄ-ի կազ­մու­թեան նպա­տակն ու յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը: Այ­նու­հե­տեւ ան հրա­ւի­րեց մր­ցա­շար­քին մաս­նակ­ցող աշա­կերտ­նե­րը, որոնք վար­ժա­րան­նե­րու անուն­նե­րը կրող ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րով տո­ղան­ցե­ցին:

Ապա ՍԵ­ՎԱՄ Մար­զա­կան Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ Եղ­իա Քի­լէճ­եան խօսք առ­նե­լով նշեց մար­զան­քի կա­րե­ւոր դե­րը պա­տա­նի­նե­րու եւ երի­տա­սարդ­նե­րու կեան­քին մէջ, որ կը նպաս­տէ զա­նա­զան մո­լու­թիւն­նե­րէ հե­ռու մնա­լու: Քի­լէճ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց` իրենց աջակ­ցու­թեան հա­մար եւ ծնող­նե­րուն` իրենց վս­տա­հու­թեան հա­մար: Ան յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­նին եւ Բե­թէլ Երկրդ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նութ­եան` վար­ժա­րա­նի շր­ջա­փակն ու սրա­հը տրա­մադ­րել­նուն հա­մար:

ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. վար­չութ­եան ատե­նադպ­րու­հի Գա­րօ­լին Քիւրքլ­եան-Արոյ­եան փո­խան­ցեց Շրջ. Վար­չու­թեան խօս­քը: Ան յայտ­նեց, թէ ՀՄԸՄ-ը, հիմն­ուե­լով իր նշա­նա­բա­նին վրայ, հայ մա­նու­կը, պա­տա­նին եւ երի­տա­սար­դը կ՛առաջ­նոր­դէ մարմ­նակր­թա­կան եւ ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ: Ան շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց եւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Երկրդ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան իրենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար:

Այ­նու­հե­տեւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան փո­խան­ցեց իր սր­տի խօս­քը: Ան ու­րա­խու­թեամբ յայ­տա­րա­րեց, թէ ՀՄԸՄ-ը այն տունն է, ուր բո­լորս պար­փա­կեց, ոչ թէ մեզ ըն­դե­լու­զե­լու, այլ իւ­րա­քան­չիւ­րի ինք­նու­թիւնը պա­հե­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ոգին զար­գաց­նե­լու հա­մար:

Վե­րա­պատ­ուե­լի Սե­լիմ­եան քա­ջա­լե­րեց մաս­նա­կից աշա­կերտ­նե­րը, 2017 տա­րին հա­մա­րե­լով առա­ւել կո­րո­վի ու աշ­խու­ժու­թեան տա­րի:

Ապա մաս­նա­կից­նե­րը ուղղ­ուե­ցան վար­ժա­րա­նի «Փօ­լատ­եան» սրահ, ուր Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան եւ Եղ­իա Քի­լէճ­եան փինկ-փոնկ խա­ղա­լով մր­ցա­շար­քի բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին:

Երեք օրե­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րան­նե­րու նա­խակր­թա­րա­նի, միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի աշա­կերտ­նե­րու փինկ-փոն­կի մր­ցում­նե­րը «Փօ­լատ­եան» սրա­հէն ներս, 658 մր­ցում­նե­րով:

Հե­տեւ­եալ աշա­կերտ­նե­րը առա­ջին երեք դիր­քե­րը գրա­ւե­լով յանձ­նա­խում­բին կող­մէ գնա­հատ­ուե­ցան մր­ցա­շար­քի յա­տուկ մր­ցա­նա­կագ­րե­րով: Այսպէս.

Նա­խակր­թա­րա­նի բա­ժի­նէն` Ճորճ Փա­թան­եան (Ազ­գա­յին Մի­աց­եալ նա­խակր­թա­րան), Ճորճ Եա­գուպ­եան (Ազ­գա­յին Մի­աց­եալ նա­խակր­թա­րան), Ռօ­ժէ Տի­ար­պագր­լի (Մխի­թար­եան վար­ժա­րան) եւ Շար­պէլ Սի­յու­ֆի (Մխի­թար­եան վար­ժա­րան):

Միջ­նա­կար­գի բա­ժի­նէն` Ման­ուէլ Պա­թուգ (Լ.Նա­ճար­եան-Գ.Կիւլ­պէնկ­եան Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան), Սա­գօ Չագր­եան (Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան), Յա­րութ Մար­գէ­եան (Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան) եւ Սէմ Պար­մաք­սըզ­եան (Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան):

Երկ­րոր­դա­կա­նի բա­ժի­նէն` Յով­հան­նէս Սիւ­լահ­եան (Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան), Սա­րօ Շիւ­րել­եան (Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան), Նժ­դեհ Մու­րատ­եան (Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան) եւ Շի­րազ Գպըճ­եան (Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան):

Մր­ցա­շար­քի աւար­տին յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ` եղբ. Եղ­իա Քի­լէճ­եան խօսք առ­նե­լով ող­ջու­նեց հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու խոս­տում­նա­լից աշա­կերտ­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւնը եւ շնոր­հա­ւո­րեց յաղ­թող աշա­կերտ­նե­րը:

Յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պաս­քէ­թի ան­հա­տա­կան ձիր­քե­րու միջ-վար­ժա­րա­նա­յին մր­ցա­շար­քը:

ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան

Մամուլի Յանձնախումբ

Scroll Up