Ժընեւի ՄԷջ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին Պատարագ Պիտի Մատուցուի

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տէր Գուսան վարդապետ Այլճանեան Ժընեւի Սուրբ Յակոբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար Պատարագ պիտի մատուցէ: Պատարագէն յետոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին դիմաց տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման արարողութիւն եւ միասնական աղօթք:

Այնուհետեւ Յակոբ Թօփալեանի անուան հայկական կեդրոնի ձեռնարկներու դահլիճին մէջ Զուիցերիոյ հայկական միութեան կողմէ փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը պիտի կազմակերպուի, որուն պիտի յաջորդէ թրքական ծագում ունեցող գերմանացի բեմադրիչ ֆաթիհ Ակինի Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով նկարահանուած «Սպի» (The Cut) ֆիլմի ցուցադրումը:

Յիշատակի ձեռնարկներու կազմակերպիչներն են Ժընեւի Սուրբ Յակոբ հայկական Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական եւ Զուիցերիոյ հայկական միութեան կոմիտէները:

Scroll Up