«Կը Ցանկանք Հայրենիքի ՄԷջ Մե՛րը Ստեղծել». Հայրենադարձ Էլլատա Ալավերտեան
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցն Էլլատա Ալավերտեանն է, որ ընտանիքին հետ վերջերս հայրենադարձուած է Պելճիքայէն:
– Էլլատա, ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղէիք Պելճիքայի մէջ:
– Պելճիքայի մէջ ես եւ ամուսինս աշխատած ենք միջազգային կազմակերպութեան մէջ: Ամուսինս վաճառքի պատասխանատու էր, ես` հաշուապահ: Միաժամանակ ստեղծած էինք հայկական կազմակերպութիւն, որուն հիմնական գործունէութիւնը համայնքային աշխոյժ շփումները պահպանելն էր: Կեսուրս, որ 30 տարուայ մանկավարժական փորձ ունի, քաղաքին մէջ ստեղծած էր հայկական դպրոց, ուր մենք եւս աշխոյժ աշխատանքներ կը տանէինք: Վերջերս կազմակերպեցինք նաեւ Յովհաննէս Դաւթեանի «Stand up» շոուն:
-Որ քաղաքին մէջ բնակա՞ծ էք, եւ որքանով աշխոյժ էր հայկական համայնքը:
– Բնակած ենք Պրիւքսելէն 5-10քմ հեռաւորութեան վրայ` Ֆլամանտական գօտիին մէջ գտնուող Ասսէ քաղաքը: Սկզբնական շրջանին մէջ հայկական ընտանիքներ շատ չկային, սակայն յետագային հայերու թիւը շատցաւ: Ներկայիս կը գործէ հայկական նոր կիրակնօրեայ դպրոց` նոր կազմակերպիչներու գլխաւորութեամբ:
–Ինչը ձեզ վերադարձուց հայրենի՞ք:
– Հայրենիք վերադարձը պայմանաւորուած էր շարք մը պատճառներով: Ամուսինս ու ես ցանկացանք, որ մեր երեխաներուն մանկութիւնը եւ ապագան ըլլայ միայն Հայաստանի մէջ: Միւս պատճառն այն է, որ երկուքս կը ցանկանք մեր Հայրենիքին մէջ մերը ստեղծել` մէկտեղելով եւրոպական կրթութիւնը, տարիներու փորձը, ինչպէս նաեւ կապերն ու գիտելիքները: Իսկ անցած գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները մեզի համար մեծ շարժառիթ էին. ձգել ամէն ինչ եւ վերադառնալ Հայաստան:Կը գիտակցինք, որ այս քայլը շատ վտանգաւոր է, բայց եթէ մօտ 100 ընտանիք մեզի պէս մտածէ եւ վերադառնայ, շատ բան կը փոխուի:
-Գիտենք, որ ընդամենը քանի մը օր առաջ հայրենադարձուած էք, ինչէն սկսաք ձեր առաջին քայլերը:
– Առաջին օրերուն կը փորձէինք յարմարիլ այն մտքին, որ արդէն Հայաստան եկած ենք, եւ սա է մեր Հայրենիքը: Հանդիպեցանք մեր ընկերներուն, հարազատներուն եւ ծանօթներուն: Ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք տեղի գործարար ոլորտը, քանի որ թէ՛ ամուսինս, թէ՛ ես, կը ծրագրենք մեր անհատական գործերը ստեղծել Հայաստանի մէջ:
-Կան ուրուագծուած ծրագիրնե՞ր, թէ ինչ գործունէութիւն պէտք է ծաւալէք Հայաստանի մէջ:
– Բնականաբար, կան ծրագիրներ, որոնք կապուած են հիմնականին մէջ այն ոլորտներուն հետ, որոնք մեզ համար մասնագիտական են: Կը կարծեմ` կ’օգտագործենք լեզուի իմացութիւնն ու կապերը`եւրոպական շուկան այստեղ ընդլայնելու նպատակով:
– Հետաքրքրիր է երեխաներու արձագանքը, ինչպէ±ս կը զգան իրենք մայր հայրենիքի մէջ:
– Երեխաներուս բախտը բերած է այդ առումով, անոնք գրեթէ ամէն տարի ամառը այցելած են Հայաստան: Երբ խօսեցանք վերադառնալու մասին` շատ յուզուած էին, որ պէտք է բնակին Հայաստանի մէջ: Անոնց հիմնական խնդիրը հայերէնի ոչ լաւ իմացութիւնն է, բայց հիմա կը լրացնեն այդ բացը: Յուսանք, որ պետութիւնը կ’աջակցի այս հարցով: Առհասարակ, կը կարծեմ, որ հայրենադարձներու համար առաջնային խնդիրը սկզբնական փուլին մէջ առողջ ընդելուզումն է:
– Ինչպէս կը մեկնաբանէք Հայաստանը` սփիւռքահայու աչքերով…
– Իմ կարծիքովս, բոլոր սփիւռքահայերը կը ձգտին Հայաստան վերադառնալ` անկախ բնակելու վայրէն եւ կարգավիճակէն, թէկուզ երբեմն հակառակը կը պնդեն`կապուած ինչ-ինչ խնդիրներէ: Համեմատելով եւրոպական համակարգին հետ` կրնամ ըսել, որ մասնագիտացած անձնակազմի եւ կազմակերպչական վերափոխումներու կարիքը կայ: Յոյսով ենք` կարճ ժամանակուան մէջ կը տեսնենք մեր երազանքներու Հայաստանը:
Սեւադա Սաֆարեան