«Կոլտըն Պէյքըրի» -ն Տարբեր Երկիրներու Մէջ Ապրող Ընկերները Հայաստան Տեղափոխեց

Կարէն Մկրտչեան, Սեւան Արթին եւ Մհեր Ծատուրեան ծնած եւ երկար տարիներ ապրած են Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Ժամանակի ընթացքին Կարէն Մկրտչեան բնակութիւն  հաստատած է Գանատայի մէջ, Սեւան Արթինը` Անգլիոյ, Լիբանանի մէջ մնացած է ընկերներէն միայն Մհերը: Այսօր, սակայն, անոնք տեղափոխուած ու բնակութիւն  հաստատած են Հայաստանի մէջ: Անոնց միաւորած է հացի` առայժմ փոքրիկ «Կոլտըն պէյքըրի» («Golden Bakery») արեւելեան հացամթերքի արտադրամասը, որ անոնք միասին հիմնած են Երեւանի մէջ:

Կարէն Մկրտչեան «Ռիվիերա Կապիտալ» («Riviera Capital») ներդրումային ընկերութեան հիմնադիրն է: Վերջինիս նպատակը Հայաստանի մէջ ներդրումները քաջալերելն է: «Հայաստանի մէջ նախագիծեր կամ հետաքրքիր ներդրումային ծրագիրներ գտնելով (որոնք, մեր կարծիքով, գրաւիչ կրնան ըլլալ) եւ «փաթեթաւորելով»` կը ներկայացնենք ներդրողներուն: Եթէ հաւանութեան արժանանայ, յետագային, արդէն, մենք ատիկա կը կառավարենք, ընդհանուր վերահսկողութիւն կ՛իրականացնենք` վստահանալով, որ ներդրողի գումարը ճիշդ ձեւով կը կառավարուի, չի փոշիանար: Այս իմաստով, կը դառնանք ներդրողի աչքն ու ականջը երկրին մէջ: Յոյս ունինք, որ մեր աշխատանքը կը քաջալերուի, որպէսզի յաւելեալ ներդրումներ կատարուին: «Կոլտըն պէյքըրի»-ին ընկերութեան առաջին նախագիծն է: Ունինք նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնք ընթացքի մէջ են»,- «Հայերն այսօր»-ի  հետ զրոյցին կը նշէ Կարէն Մկրտչեան:

Հարցին` ինչու՞ որոշեցին ներդրողներ գտնել արեւելեան հացամթերք արտադրող ընկերութեան համար, Կարէն Մկրտչեան կը պատասխանէ. «Մեծցած եմ Լիբանանի մէջ, 20 տարի ապրած եմ Գանատա, արդէն 3 տարի է` տեղափոխուած եմ Հայաստան: Այս հացը լաւ կը  ճանչնամ: Գործընկերներս նոյնպէս Լիբանանէն են: Հասկցանք, որ Հայաստանի մէջ այս հացատեսակի որակաւոր տարբերակը չկայ, իսկ շուկայի մէջ պահանջարկ կայ: Այս ամէնը հաշուի առնելով` որոշեցինք ճիշդ ձեւով ձեռնարկել այս գործը: Այս ամէնուն հետեւանքնով Մհերն իր ընտանիքով տեղափոխուեցաւ Հայաստան: Իրականութեան մէջ արեւելեան հացի արտադրամաս հիմնելու գաղափարը հէնց անորն է: Մեր ընկերութիւնն օգնեց, որ այն իրագործենք: Մեր միւս ընկերը` Սեւան Արթինը, Անգլիոյ մէջ լոնտոնեան դրամատուներէն մէկուն Միջին Արեւելեան մասի տնօրէն էր եւ ունէր կապեր միջինարեւելեան ներդրողներու հետ: Ինքն ալ իր դերը խաղցաւ այս գործին մէջ այն իմաստով, որ ԱՄԷ-էն ներդրող գտաւ: Անոնք կը ցանկան աւելի մեծ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ: Սա առաջին փորձն է: Յոյս ունինք, որ թէ՛ իրենք, թէ՛ իրենց միւս գործընկերները կը քաջալերուին` յաւելեալ ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ»:

Խմբային աշխատանքի շնորհիւ ստեղծուեցաւ ««Կոլտըն պէյքըրի»-ին: Իբրեւ արդիւնք, ե՛ւ Մհերը, ե՛ւ Սեւանը տեղափոխուեցան Հայաստան:

«Սեւանը ծնունդով Լիբանանէն է, սակայն Լոնտոն ապրած է մօտ 20 տարի: Ան ներդրողի ներկայացուցիչն է եւ ««Կոլտըն պէյքըրի»-ի գործադիր տնօրէնը: Կը կարծեմ` մեծ յաջողութիւններու կը հասնինք: Հետաքրքիրն այն է, որ երեքս իրար կը ճանչնայինք, սակայն տարբեր երկիրներու մէջ կ՛ապրէինք, այսօր, սակայն, միաւորուեցանք Հայաստանի մէջ»,-կը նշէ Կարէն Մկրտչեան:

Մհեր Ծատուրեան «Կոլտըն պէյքըրի»-ի ընդհանուր կառավարիչն է: Ան 8 տարի հացամթերք արտադրող լիբանանեան ամենամեծ ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդին մէջ  աշխատած է: Այսօր որոշած է կուտակած փորձը հայրենիքին մէջ կիրառել: «Մտածեցի իրականացնել Հայաստանի մէջ այն պարզ պատճառով, որ այսօր շատ մարդիկ կան, որոնք ցանկութիւն ունին այս հացն օգտագործելու: Այն ո՛չ միայն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ ապրող հայերուն  ծանօթ է, այլեւ յատուկ է Արաբական երկիրներուն:  Հացամթերքը, որ այսօր մենք կ՛արտադրենք, կը կոչուի պիտա, որ մենք արաբական հաց կ՛անուանենք: Գանատայի, Ամերիկայի, Ֆրանսայի, անգամ Աւստրալիոյ մէջ, կայ այս հացատեսակը»,- կը պատմէ Մհեր Ծատուրեան եւ կ՛աւելցնէ` գաղափարը Կարէնին  ներկայացուցած է, որն ալ հաւնած ու ներդրողներ  գտած է: Ինքն ալ սեպտեմբերին եկած ու հաստատուած է Հայաստանի մէջ, թէեւ ընտանիքը մօտ 2 տարի` այստեղ է:

«Հայաստանեան կեանքը, լիբանանեանի համեմատութեամբ, շատ հանդարտ է, ամէնօրեայ դժուարութիւն չկայ, հեզասահ է: Մենք Լիբանանի մէջ վարժուած ենք արագութեան: Նախապատրաստական աշխատանքներէն յետոյ փետրուար 19-ին սկսանք առաջին արտադրութիւնն արդէն վաճառքի նպատակով: Կ՛առաքենք երեւանեան  քանի մը մեծ ու փոքր խանութներ` SAS, Carrefour եւ այլն, ճաշարաններ: Արդէն բաւականին գնորդներ ունինք: Բոլորը շատ գոհ են մեր հացի որակէն: Մենք ալ կ՛աշխատինք շատ զգոյշ ըլլալ, բարեխիղճ աշխատիլ, որպէսզի մեր գնորդներու վստահութիւնը չկորսնցնենք: Այս պահուն 6 աշխատող ունինք արտադրամասին մէջ, յառաջիկային թիւը կ’աւելնայ եւ մենք հնարաւորութիւն կ’ունենանք մեծցնելու արտադրանքի ծաւալը»,-ըսաւ Մհեր Ծատուրեան:

Գաղափարը կեանքի կոչելու ընթացքին եղած են դժուարութիւններ, սակայն, ինչպէս կը նշէ Մհերը, կրցած են յաղթահարել. «Դեռ սեպտեմբերին պէտք է սկսէինք  մեր աշխատանքը: Սակայն նորոգութիւններ կատարելնուս` գործը շատ ուշացաւ: Հայաստանի մէջ, ճիշդ է, շատ լաւ աշխատողներ կան, բայց հակառակն ալ կայ: Մարդիկ պէտք է աւելի արագ ըլլան, աշխատանքի նկատմամբ մտայնութիւնը պէտք է փոխուի, աշխատողը պէտք է աւելի պատասխանատու ըլլայ իր կատարած աշխատանքին համար»:

«Կոլտըն պէյքըրի»-ի նպատակը ո՛չ միայն արեւելեան հացամթերք նախընտրող մարդոց պահանջարկը գոհացնելն է, այլեւ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւն առաջացնելը. «Յոյս ունինք մեր այս քայլով քաջալերել մեր այն ընկերներուն, որոնք կրնան գալ Հայաստան եւ ներդրումներ ընել, գործ հիմնել, աշխատատեղեր ստեղծել: Այդ քայլով անոնք մեծ օգուտ կու տան Հայաստանին: Սեպտեմբերին, երբ արտադրամասի համար տարածք կը փնտռէինք, տեսանք, թէ որքան շատ կիսաքանդ գործարաններ կան, որոնք տարիներ ի վեր անգործութեան  մատնուած են այն պարագային, երբ ժամանակին գործուն արտադրամասեր  եղած են: Իսկ նման գործարաններուն նոր կեանք տալով` մեծ օգուտ կրնանք տալ մեր երկրին, հետեւաբար, ինչու պարապուրդի մատնել այդ ամէնը»,-կը նշէ Մհեր Ծատուրեան:

Արդէն մէկ ամիս է` «Կոլտըն պէյքըրի» արեւելեան հացամթերքի արտադրամասը սկսած է իր արտադրանքը` փորձելով կայուն տեղ զբաղեցնել շուկային մէջ: Ընկերութիւնը նպատակ ունի արտադրանքը նաեւ մարզեր առաքել: Գիւմրիէն, արդէն, հետաքրքրուած են հացատեսակով: Կը ծրագրեն նաեւ Հայաստանէն դուրս արտահանել: Ժամանակի ընթացքին այլ հացատեսակներ եւս կը սկսին արտադրել: Հետաքրքրիր շատ գաղափարներ կան, եւ «Կոլտըն պէյքըրի»-ի պատասխանատուները յոյսով են` մօտ ապագային կը կարենան իրականացնել:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up