«Հայը` Հայերէն Խօսողն Է, Հայու Ոգին Ու Քրիստոնէութիւնը Պահողը». Ժորժէթ Աւագեան

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը ՀՅԴ անդամ, Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Ժորժէթ Աւագեանն է, որ Իսրայէլի մէջ տարիներ շարունակ կը պայքարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար:

– Յարգելի՛ Ժորժէթ Աւագեան, նախ պատմէք  ձեր արմատներուն մասին:

-Իմ արմատներս Կիլիկիայէն են, ծնողներս այնթափցի  եղած են: Մեծհայրս` Գէորգ  Աւագեանը, Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներէն էր: Ջարդի օրերուն ան Կ.Պոլսոյ մէջ  եղած է, թուրքերը 350 հոգիի հետ անոր ձերբակալած են, ու ան այլեւս չէ վերադարձած: Մայրական կողմէն մեծհօրս անունն ալ Գէորգ  եղած է, ան թրքական ջարդերու ժամանակ ռումբեր  պատրաստած է: Ապա հասած  Յորդանանի Էրպիթ քաղաք, հիւանդացած եւ մահացած է: Մինչեւ հիմա կը փնտռեմ անոր գերեզմանը եւ չեմ գտներ: Մայրս` Ովսաննան, Այնթապէն Դամասկոս  գացած է, յետոյ անոր քեռին, որ Պէյրութի հայոց որբանոցի տնօրէնն էր, տարած է Պէյրութ:

Մայրս Ամերիկեան համալսարանին մէջ  ուսանած է, բայց ամուսնանալէն յետոյ չէ աշխատած` նուիրելուելով ընտանիքին: Իսկ Կարապետ հօրս հիմնական աշխատանքը մեր ընտանեկան գորգի մեծ գործարանին մէջ գորգեր պատրաստելն էր: Ի դէպ, Սարդարապատի ճակատամարտի ժամանակ տասնչորս տարեկան հասակին հայրս եղած է Անդրանիկ Օզանեանի զինուորներու կազմին մէջ: Ան չէ ցանկացած օտարի հետ ամուսնանալ, այդ նպատակով Պէյրութ  գացած է` հայ աղջկայ հետ ծանօթանալու: Հանդիպած է մօրս, ամուսանացած են, որմէ ետք տեղափոխուած են Պաղեստին: Ես ծնած եմ Իսրայէլ` Գալիլեայ քաղաքին մէջ:

-Կը կարծեմ` մանկութիւնը իւրաքանչիւր մարդու ամենալուսաւոր ու պայծառ ժամանակաշրջանն է: Հետաքրքիր է իմանալ, թէ Ձեր մանկութիւնն ի՞նչ գոյն  ունեցած է:

– Իսկապէս այդպէս է: Չնայած դժուարութիւններուն` աւելի շատ վառ գոյները գերակշռած են իմ մանկութեան գունապնակին : Մենք չորս քոյր ենք, ես երեխաներէն մեծն եմ: Սաֆատի մէջ, ուր ապրած եմ, հայկական շրջանակ գրեթէ չկար, միայն մէկ հայ բժիշկ կար: Երեք տարեկանիս արդէն չորս լեզու` հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ թրքերէն գիտէի: Հինգ տարեկանէս սկսայ նաեւ եբրայերէն խօսիլ: Հրէական մանկապարտէզ  յաճախած եմ, օտար դպրոցներ գացած` աւարտելով արաբական դպրոց:

Փոքր էինք, երբ հայրս 49 տարեկանին մահացաւ` ընտանիքի ամբողջ հոգը ձգելով մօրս ուսերուն: Կը յիշեմ` լուսահոգի մայրս հայոց լեզուն չմոռնալու, արմատներէն չհեռանալու համար ինձ եւ քրոջս Նազարէթին, Հայֆայի, Եաֆֆայի հայերու հետ յաճախակի հանդիպումներ կը կազմակերպէր, տօներուն անոնք մեր տուն կու գային եւ միասին ուրախ ժամանակ կ՛անցնէինք: Դեռ մանկութենէս մայրս մեզի ազգային-հայրենասիրական երգեր կը սորվեցնէր եւ պատմութիւններ կը պատմէր, արդէն գիտէինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Մանկութեան ամենատպաւորիչ յիշողութիւններէն է այն, որ մօրս յորդորով հայերէն  կը խօսէինք: Մեր տունը, կարծես, հայկական դպրոց ըլլար. մայրս եւ մօրաքոյրս Հայֆայի հայկական դպրոցէն բերուած գիրքերով մեզի հայերէն տառեր կը սորվեցնէին: Երբ հօրեղբօրս տղաները մեզ հետ արաբերէն կը խօսէին, անոնց միայն հայերէն պէտք է պատասխանէինք` մօրս կշտամբանքին չարժանանալու համար: Տան մէջ փոքրիկ Հայաստան  ստեղծած էինք: Օտարութեան մէջ մեծնալը, այլազգիներու հետ շփումը մեզ չխանգարեցին հայ մեծնալ: Մեր հոգիին մէջ հայրենասիրութիւնը մշտավառ եղած է:

Երբ եկաւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու ժամանակը, որոշեցինք Հայաստանի մէջ ուսումը շարունակել, սակայն որոշակի խնդիրներու պատճառով չեղաւ: Մօրս անխախտ ցանկութեամբ ընդունուեցայ Երուսաղէմի մէջ լաւագոյնը համարուող համալսարաններէն մէկը` Hebron University of Jerusalem, ուր Բժշկութիւն եւ արաբերէն լեզու սորվեցայ, յետագային նաեւ արաբերէն գիրքեր  գրած եմ: Նշեմ նաեւ, որ տասնինը տարեկանիս 1200 օտար աշակերտ ունեցող դպրոցի տնօրէն դարձայ: Երկու տարի ալ Հարվըրտի համալսարանին մէջ ուսանած եմ:

-Եր՞բ սկսաք մանրադիտակի տակ առնել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

– Համալսարան ընդունուելէ յետոյ Հայ դատի արդարացի լուծման պահանջն աւելի արթնցաւ իմ հոգիիս մէջ` դառնալով հրամայական պահանջ: Այդպէս, Ապրիլ 24-ը համալսարանին մէջ  նշելու միտք յառաջացաւ  մօտս:

Իմ եւ համախոհ ընկերներուս ջանքերով Երուսաղէմի մէջ առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը նշեցինք 1970 թուականին: Եաֆֆայի մէջ 1965 թուականին արդէն նշուած էր Հայոց ցեղասպանութեան  50-ամեակը:

Աբրահամ Սուրտուկեանի, Մանուէլ Հասասեանի, Լեւոն Օհաննէսեանի եւ Անահիտ քրոջս հետ սկսանք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ. սեփական միջոցներով եբրայերէն տարբեր գրքոյկներ, թռուցիկներ պատրաստեցինք` բաժնելով մարդոց եւ տարածելով համալսարանէն ներս: Հասանք այն արդիւնքին, որ համալսարանին մէջ արդէն բոլորը գիտէին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու զանգուածային կոտորածի մասին: Աստիճանաբար, 1973 թուականին բացինք Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակը` Հայոց ցեղասպանութեան հարցն ամէնուր հանրահռչակելու  նպատակով:

Գրասենեակի ղեկավարը Աբրահամ Սուրտուկեանն էր, յետոյ Մանուէլ Հասասեանը դարձաւ, իսկ յետոյ այդ պաշտօնն ինծի վստահուեցաւ: Այս խումբով խանդավառուած անդադար աշխատանքներ կը տանէինք:  Շատ յաճախ Երուսաղէմէն ուշ գիշերին տուն կը հասնէինք:

Հայ դատ, դպրոցի տնօրէնի պարտականութիւններ, տնային գործեր. չնայած այս ծանրաբեռնուածութեան` անտրտունջ աշխատած եմ, քանի որ պատասխանատուութեամբ եւ նուիրումով  լեցուած եղած եմ: Այդ աշխատանքներէն ուժ եւ ամրութիւն կը ստանայի: Հիմա ալ իմանալով, որ Հայ դատի հետ կապուած որեւէ գործ կայ` կը մոռնամ առողջական խնդիրներս եւ իսկոյն առաջ կը նետուիմ:

2006 թուականէն կ՛աշխատինք նաեւ Իսրայէլի Քնեսէթի հետ: Ելոյթներ  ունեցած եմ նիստերուն` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումներու ժամանակ: Չորս տարի առաջ նոյնիսկ Թալէաթ փաշայի մասին եբրայերէն գիրք հրատարակեցինք, որ ներկայացուցինք Քնեսէթի անդամներուն: Ի դէպ, այդ գիրքի սրբագրիչը Ֆրանսուհի քոյրս է:

– Անդրադառնանք Երուսաղէմի հայկական համայնքին:

-Անցեալին Երուսաղէմի մէջ շատ հայեր կ՛ապրէին: Շուկայ կամ խանութ երթալուն` ամէնուր կրնայինք հայերու հանդիպիլ: Ոսկերիչները, նկարիչները, բժիշկները, կօշկակարները գրեթէ բոլորը հայեր էին, որոնք յարգուած էին Երուսաղէմի մէջ: Իսկ հիմա մի քանի  խանութի   մէջ միայն կրնանք հայու հանդիպիլ: Բաւականին քիչ հայ մնացած է, թէեւ աւելցած են Հայաստանէն եկածները:

Բայց, այնուամենայնիւ, համայնքին մէջ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան, հայ երիտասարդներուն խառնամուսնութեան եւ ուծացման վտանգէն զերծ պահելու նպատակով տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ  կ՛իրականացնեն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը, համահայկական կառոյցները, կուսակցութիւնները, Երուսաղէմի ժառանգաւորաց եւ Սրբոց թարգմանչաց վարժարանները,  ինչպէս նաեւ այլ կառոյցներ եւ միութիւններ: Կը հրատարակուին «ՀԵՄ» եռամսեայ թերթը, «Սիոն» գրական ամսագիրը: Փոքրաթիւ հայեր կ՛ապրին նաեւ Իսրայէլի այլ քաղաքներու մէջ:

-Եր՞բ Ձեր հայեացքը ուղղած էք դէպի Հայրենիք:

– Հայաստանի հետ կապը, դժբախտաբար, սկսաւ Սպիտակի` 1988 թուականի երկրաշարժէն յետոյ: Սկիզբը Իսրայէլի բանակի զինուորներուն հետ մեզի չձգեցին «Զուարթնոց» օդակայանէն դուրս գալ, որուն պատճառով ետ վերադարձանք: Երեք օր յետոյ ես եկայ, իսկ մէկ ամիս անց` քոյրերս միացան ինծի:

Մեզ հետ տարինք տեղի հայերու հանգանակած դրամական օժանդակութեան միջոցով առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ, դեղօրայք, բժշկական սարքաւորումներ եւ այլն: Վիրաւորներէն վաթսունինը մարդու` բուժման նպատակով Հայֆայի եւ Եաֆֆայի հիւանդանոց բերինք: Շաքէ քոյրս  քանի մը այլ հայերու հետ այս հարցով շատ օգնեց մեզի: Հայֆայի մէջ մայրս ճաշ կը պատրաստէր, իսկ ես ու քոյրերս անոնց կը կերակրէինք:

Ատկէ յետոյ օգնութիւնները պարբերական բնոյթ կրեցին: ՀՕՄ-ը ՀՅԴ-ի հետ համագործակցելով` Հայաստանի տարբեր վայրերէ 3500 հայ որբերու եւ ազատամարտիկներու երեխաներու համար օգնութիւն կազմակերպեց: Կուսակցութիւնն ալ առանձին դրամական օգնութիւն ուղարկեց:

Իսկ ես երեք երեխաներու` Ապարանէն եւ Գորիսէն երկու եղբայրներու խնամակալութիւնը ստանձնեցի, անոնք մեր հոգեզաւակները դարձան: Կապը տղաներուն հետ մինչեւ հիմա կը պահպանուի: Ամէն անգամ Հայաստան երթալուս` անպայման կը հանդիպինք:

– Այցելութիւններու ընթացքին Հայաստանի մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ  նկատած էք:

-Իմ դիտարկմամբ, Հայաստանի մէջ դրական մեծ փոփոխութիւններ  տեղի ունեցած են: Տարիներու հեռուէն նայելուս` կը յիշեմ, որ այն ժամանակ գրեթէ ոչինչ կար: Իսկ հիմա ամէն անգամ Հայրենիք գալուս` կ՛ուրախանամ եւ կը հպարտանամ այդքան շատ ժամանցի վայրեր, մայրաքաղաք Երեւանը բարեկարգ եւ առաջադէմ տեսնելով: Մեր երկիրը, իրօք, ծաղկած է:

Միշտ Իսրայէլի օրինակը կը բերեմ, թէ ինչպէս ժամանակի ընթացքին զարգացած պետութիւն դարձաւ: Հայաստանը եւս պէտք է շարժուի նոյն ոգով, միայն պէտք է համբերել: Հաւատացած եմ, որ Հայաստանը շատ լաւ ապագայ ունի:

Սակայն, ցաւ կ՛ապրիմ, որ ժողովուրդը կը հեռանայ Հայաստանէն եւ կը բռնէ արտագաղթի ճանապարհը: Թո՛ղ անոնք իմանան, որ օտարութեան մէջ որեւէ քաղցր բան չկայ, աւելի լաւ է մնան եւ համախմբուած ուժերով շէնացնեն Հայաստանը: Կը ցանկամ, որ հայ ժողովուրդին համար ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ: Հայրենիքիս ամէն մէկ անկիւնն ինծի համար հոգեհարազատ է: Տեսարժան, պատմամշակութային բոլոր վայրերը այցելած եմ, որոնք ամէն անգամ իւրովի  կը բացայայտեմ: Շատ կը սիրեմ նաեւ Արցախ աշխարհը:

– Ո՞վ է հայը Ձեր բնութագրմամբ:

-Հայու հետ ամուսնացող, հայերէն խօսող, հայու ոգին ու քրիստոնէութիւնը պահողն է իսկական հայը ինծի համար:

Գէորգ Չիչեան

 

 

Scroll Up