ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Հայաստանեան Գրասենեակի Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Փետրուար 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին  մէջ էին հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Աննա-Քարին Օստը, ծրագիրներու բաժինի պատասխանատու Նուէր Սարգսեանը, իրաւաբանական բաժինի ղեկավարի տեղակալ Սուսաննա Գրիգորեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւոր համարեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակին հետ աւանդական համագործակցութիւնը, նշեց յառաջիկայ համագործակցութեան ծրագիրի եւ սուրահայերու հարցերով զբաղուող միւս գերատեսչութիւններու հետ համատեղ քննարկումներու եւ խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութեան մասին:

Քննարկուեցան սուրիական հակամարտութեան արդիւնքով տեղահանուած անձանց աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ համակարգման փորձը փաստաթղթաւորելու եւ յետագային այդ փաստաթուղթը սփիւռքի հարցերով զբաղուող պետական պատկան մարմնին փոխանցելու, ինչպէս նաեւ` ապագային սփիւռքի գաղթօճախներէն հնարաւոր տեղահանման պարագային աւելի պատրաստ ըլլալու եւ կայուն ու յստակ վիճակագրութիւն ունենալու մեքենականութիւններ մշակելու համար քայլեր ձեռնարկելու հետ կապուած հարցեր:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիահայերու ընկերային, տնտեսական հարցերու լուծման ուղղուած քայլերուն, այդ հարցերով զբաղուող առանձին աշխատանքային խումբերու ստեղծման անհրաժեշտութեան:

Կողմերը վստահութիւն յայտնեցին, որ յետագայ գործակցութիւնն արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Scroll Up