Ամերիկահայ Գրողը Հիւրընկալուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յունիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ դրամատուրգ, գրող, ազգային-մշակութային գործիչ Հրանդ Մարգարեանը` տիկնոջ հետ:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց սփիւռքի մէջ  գրողի հայանպաստ գործունէութիւնը, լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան հարցերը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Երիտասարդները պէտք է հայերէն խօսեն: Մեր ծրագրերն ուղղուած են երիտասարդների հայրենաճանաչութեանը, ազգային ինքնութեան եւ  լեզուի պահպանութեանը: Կարեւոր է, որ հնարաւորինս շատ ուսուցիչներ մասնակցեն «Սփիւռք» ամառային դպրոցի դասընթացներին: Հայութեան, հայ ինքնութեան ողնաշարը լեզուն է: Երեխաներին պէտք է գոնէ շաբաթը երկու ժամ հայերէն սովորեցնել` երգ ու պարի, խաղերի միջոցով: Այդպէս պահպանւում է ոչ միայն լեզուն, ազգային աւանդոյթները, այլեւ հայկական միջավայր է ստեղծւում»:

Նախարարը ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները եւ սփիւռքահայ գործիչը հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբեր 18-20-ը Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայրենիք–Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:

Քննարկուեցան հայոց լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան հետ կապուած խնդիրներ:

Հրանդ Մարգարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ զրոյցի համար, նախարարին նուիրրեց իր ստեղծագործութիւններու ժողովածուն` նշելով, որ այնտեղ ամփոփուած է իր յիսնամեայ գործունէութիւնը:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համայնքային նորութիւններուն, մշակութային ձեռնարկներուն եւ բարեգործական ծրագիրներուն:

Scroll Up