ՀՀ Սփիւռքի, Մշակոյթի Եւ Առողջապահութեան Նախարարները Ստորագրեցին Համատեղ Հրամաններ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/ստորագրում.jpg)
Մարտ 23-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ ՀՀ սփիւռքի, ՀՀ մշակոյթի եւ ՀՀ առողջապահութեան նախարարները ստորագրեցին համատեղ հրամաններ:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան ստորագրեցին համատեղ հրաման` Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, առողջապահութեան բնագաւառին մէջ Սփիւռքի հետ համակողմանի կապերու զարգացման, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան օժանդակման, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ձեռնարկները համատեղ ու արդիւնաւէտ իրականացնելու վերաբերեալ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան ստորագրեցին համատեղ հրաման` Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, մշակութային համագործակցութեան զարգացման, սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի տարածման եւ հայկական արժէքներու քարոզման, հայապահպանութեան օժանդակման եւ հայրենասիրութեան սերմանման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մշակութային ոլորտին մէջ ձեռնարկները համատեղ ու արդիւնաւէտ իրականացնելու վերաբերեալ:
Ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկներու կատարումը համակարգելու նպատակով պիտի գործեն համակարգող յանձնաժողովներ:
Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը բազմիցս նշել է, որ Սփիւռքի անմիջական մասնակցութեամբ Հայաստանը հնարաւորութիւն կ’ունենայ արագ արդիւնքներ արձանագրելու առանցքային ոլորտներում եւ տարածաշրջանում ունենալու տնտեսական, առողջապահական, կրթական, մշակութային առաջատար համակարգեր: Այսպիսի համատեղ հրամանների ստորագրումով մենք պիտի փորձենք գտնել նոր կառուցակարգեր եւ ճանապարհներ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Սփիւռքի ներուժը Հայաստանում օգտագործելու եւ Սփիւռքում հայապահպանութիւնն իրականացնելու ուղղութեամբ»:
Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Մշակոյթի եւ Առողջապահութեան նախարարներուն` համագործակցելու պատրաստակամութեան համար:
Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին նման նախաձեռնութեան համար` նշելով. «Այս հրամանները ենթադրում են յստակ գործողութիւնների ծրագրեր, եւ մի քանի ամիս անց մենք արդէն կը խօսենք արդիւնքների մասին»:
Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան կարեւոր համարեց Հայաստանի անկախութեան տարիներուն Սփիւռքի հայ մասնագէտներու, բժիշկներու դերը` Հայաստանի առողջապահական համակարգի զարգացման գործին մէջ: «Մենք պէտք է անենք հնարաւոր ամէն բան` հայ բժիշկների եւ բուժակների համար նորանոր աշխատատեղեր ստեղծելու համար», – աւելցուց ան: