«Բանակային Կեանքը Լի Է Հետաքրքիր Դէպքերով». Վազգէն Յարութիւն
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը սուրիահայ Վազգէնն է, որ արդէն մէկ տարի է կը ծառայէ Հայոց բանակին մէջ: Վազգէնի հետ զրոյցի ընթացքին խօսեցանք անոր արմատներու, Հայաստան տեղափոխուելու եւ բանակային կեանքի մասին:
-Ողջո՛յն Վազգէն, կը խնդրեմ` պատմէք ձեր արմատներու մասին:
–Ողջո՛յն, իմ թէ՛ հօրական, թէ՛ մօրական արմատներս կը սերին Սասունէն, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ իմ պապիկներու ընտանիքները գաղթած են Սուրիա եւ բնակած Հալէպի մէջ, հայրս եւ մայրս ամուսնացած են այնտեղ, այնուհետեւ տեղափոխուած են Հայաստան եւ այստեղ` Հայրենիքի մէջ, ծնած եմ ես:
–Ծնողներդ եր՞բ տեղափոխուած են Հայաստան:
-Ընտանիքս մօտաւորապէս 27 տարի Հայրենիքի մէջ կ՛ապրի, ես ծնած, մեծցած եւ դաստիարակութիւն ստացած եմ Հայրենիքի եւ հայկական օճախի մէջ:
–Որքա՞ն ժամանակ է, որ կը ծառայես Հայոց բանակին մէջ:
– Արդէն 1 տարի է, որ կը ծառայեմ: Տունէն եւ օճախէն հեռու շատ դժուարութիւններու կը հանդիպիմ, սակայն կողքիդ ունենալով ամուր ընտանիք եւ հզօր ընկերութիւն` դժուարութիւններն աչքիդ չեն ալ երեւիր: Բանակին մէջ ես կը հասկնամ` ինչ ըսել է Հայրենիք, ընկերութիւն, հաւատարմութիւն, տոկունութիւն եւ խիզախութիւն: Ամէն պահի պատրաստ ես աւիւնով լեցուն պայքարիլ թշնամիին դէմ, կը հասկնաս Հայ զինուորի, անոր կեանքի եւ Հայրենիքի յարաբերակցութիւնն ու փոխկապակցուածութիւնը:
–Արդեօք տարբերութիւնը շա՞տ է բանակ զօրակոչուելէ յետոյ:
-Այս 1 տարուան ընթացքին շատ դժուարութիւններու հանդիպած եմ, սակայն ի շնորհիւ հօրս` յաղթահարած եմ: Շատ փոփոխութիւններ եղած են թէ՛ իմ մտածելակերպի, թէ՛ իմ հոգեկան աշխարհի վրայ, հին Վազգէնի եւ նոր Վազգէնի միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ կան, հիմա մտածելակերպս աւելի հասուն է: Բանակը քեզի հնարաւորութիւն կու տայ կոփուելու կեանքի յետագայ փորձութիւններու համար, աւելի վճռական կը դարձնէ կեանքի կարեւոր որոշումներ կայացնելուն:
-Ինչպէ՞ս կ՛անցնի հայ զինուորի առօրեան: Կը պատմէ՞ք բանակային օրերու հետաքրքիր դրուագներէն:
-Բանակային կեանքը լի է հետաքրքիր դէպքերով, յատկապէս երբ կը ծառայես սահմանային գօտիի մէջ` թշնամիին դէմ առ դէմ: Ճիշդ է` կը կարօտնաս ընտանիքդ, ընկերներդ, բայց բանակային կեանքին մէջ ձեռք կը բերես կեանքի մեծ փորձ, զինուոր ընկերներդ կը դառնան ընտանիքիդ մէկ մասը` լրացնելով այն կարօտը, որ կը զգաս զօրամասէն դուրս:
Սեւադա Սաֆարեան