Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Գործարարութեան Աջակցման Գրասենեակին Միջեւ Ստորագրուեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիր
Դեկտեմբեր 14-ին սփիւռքի նախարարութեան եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան կողմէ ֆինանսաւորուող Գործարարութեան աջակցման գրասենեակին միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր: Այն ստորագրեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան եւ գրասենեակի ղեկավար Գէորգ Պօղոսեան:
Ըստ յուշագիրի` կողմերը Հայաստանի հանրային կեանքին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդներու ներգրաւման եւ Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ գործակցութեան խթանման ուղղութեամբ համատեղ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն կը յայտնեն եւ կարեւոր կը համարեն հայրենադարձութեան եւ սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը ապահովող գործընթացներու զարգացումը, հայրենադարձներու ընդելուզման աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ հայրենադարձութիւնը խթանող միջավայրի ձեւաւորումը եւ սկսնակ ձեռնարկատիրութեան զարգացումը:
Այս համագործակցութիւնը նպատակ ունի բարձրացնել կողմերու` վերոնշեալ ոլորտներու զարգացման ուղղուած ջանքերու արդիւնաւէտութիւնը:
Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Գործարարութեան աջակցման գրասենեակը կը համագործակցին մասնաւորապէս նախարարութեան նախաձեռնած «ՆերՈւժ» սփիւռքահայ երիտասարդներու սթարթափ ծրագիրի ծիրէն ներս` նպատակ ունենալով հնարաւորութիւն ապահովել հայազգի ձեռներէցներու համար սթարթափները բերել Հայաստան եւ երկրին մէջ բարելաւել սթարթափներու էքոհամակարգը:
Գրասենեակը «ՆերՈւժ» ծրագիրի ծիրէն ներս կը նախատեսէ աջակցիլ սկսնակ ընկերութիւններուն գործարարութեան օրինակներու ձեւաւորման փուլին մէջ, ուղղորդել անոնց գործարարութեան գրանցման եւ հարկային համակարգի ընտրութեան հարցին մէջ, «Իմփաքթ Հաբ Երեւան»-ի կողմէ իրականացուող նախապատրաստման շրջանին աջակցիլ սկսնակ ընկերութիւններուն ֆինանսական եւ գործառնական հարցերուն մէջ: