«Համահայկական Մրցանակաբաշխութիւն 2016» Կ՚իրականացուի «Համազգային Միասնութիւնը` Հաւաքական Ուժի Եւ Հզօրութեան Գրաւական» Խորագիրով

Յունուար 30-ին տեղի ունեցաւ Համշխարհային հայկական կոնգրէսի, Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2016թ. գիտական եւ ստեղծագործական աշխատանքներու համահայկական հերթական համատեղ մրցանակաբաշխութեան իրականացման նուիրուած խորհրդակցութիւն:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան, ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ, ստեղծագործական միութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները քննարկեցին մրցանակաբաշխութեան բովանդակութեան, պայմաններուն, ուղղութիւններուն, անուանակարգերուն վերաբերող հարցեր, կազմակերպչական խնդիրներ:
Որոշուեցաւ «Համահայկական մրցանակաբաշխութիւն 2016» իրականացնել «Համազգային միասնութիւնը` հաւաքական ուժի եւ հզօրութեան գրաւական» խորագիրով` նուիրուած ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն:
Քննարկուեցան նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան համագործակցութեան ծիրէն ներս իրականացուող այլ ծրագիրներու ընթացքին վերաբերող հարցեր: