Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնահարցին Նուիրուած Գիրքին Շնորհանդէսը Դամասկոսի Մէջ

Նոյեմբեր 11-ին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան (ՍԱՀ) մշակոյթի նախարար Մուհամմատ ալ-Ահմատի հովանիի ներքոյ Ասատի անուան գրադարանին մէջ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը` «Տար էլ-Շարք» հրատարակչութեան եւ Դամասկոսի «Միտատ» ռազմավարական  հետազօտութիւններու գիտական կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Արշակ Փոլատեանի` «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր` չսպիացող վէրք» գիրքին շնորհանդէսը եւ Ղարաբաղեան հարցին նուիրուած գիտական համաժողովը: Ձեռնարկին ներկայ էին ՍԱՀ մշակոյթի նախարարի ներկայացուցիչ, մշակոյթի փոխանախարար Թաուֆիկ ալ-Իմամը, ՍԱՀ նախկին վարչապետ Մուսթաֆա Միրոն, ՍԱՀ Ժողովրդական ժողովի պատգամաւորներ, օտարերկրեայ պետութիւններու դիւանագէտներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնեաներ, Սուրիոյ մշակոյթի եւ գիտութեան ասպարէզի ականաւոր գործիչներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, Դամասկոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Համաժողովի ծիրէն ներս ելոյթ ունեցան ՍԱՀ ԺԺ պատգամաւոր, «Տար էլ-Շարք» հրատարակչութեան տնօրէն, գիտնական եւ հրապարակախօս Նապիլ Տոմեն, ՍԱՀ ԺԺ սուրիա-հայկական բարեկամութեան խումբի ղեկավար պատմաբան, հայագէտ Նորա Արիսեան եւ գիրքի հեղինակ` ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան:

Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ասատի անուան գրադարանի տնօրէն Էիատ Մուրշիտը, ապա գիտաժողովը վարեց «Միտատ» կեդրոնի տնօրէն Համես Զրեկը` ներկայացնելով գիրքի հեղինակ դոկտոր Արշակ Փոլատեանի գիտական, դիւնագիտական եւ հրապարակախօսական գործունէութիւնը: Համես Զրեկը նշեց, որ դեսպան Արշակ Փոլատեան մեծ եւ անջնջելի հետք  ձգած է հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն եւ հայ ու սուրիացի ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ իր աշխոյժ գիտական գործունէութեամբ աչքի ինկող դեսպան Փոլատեան հեղինակած եւ հրատարակած է շուրջ մէկ տասնեակ գիտական աշխատութիւններ հայագիտական եւ արեւելագիտական տարբեր թեմաներով:

Իր ելոյթին մէջ «Տար ալ-Շարք» հրատարակչութեան տնօրէն Նապիլ Տոմեն նշեց, որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը  ժողովուրդի մը պատմութիւն է, որ չարագուշակ ուժերը յանիրաւի խլեցին հարազատ հողէն եւ որ, սակայն, չլռեց եւ չդադրեցաւ պահանջել իր արդարացի իրաւունքի իրացումը: Նապիլ Տոմեն աւելցուց, որ սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները մշտապէս կանգնած են իրար կողքին, որպէս ընդհանուր անբաժան պատմական ուղի անցած, մշակութային, քաղաքակարթական եւ պատմական ամուր կապերով միաւորուած երկու ազգ: Եզրափակելով ելոյթը` Նապիլ Տոմեն բարձր գնահատեց հեղինակի ներդրումը Սուրիոյ մէջ հայաճանաչութեան գործին մէջ, որուն շնորհիւ արաբ ընթերցողը կրցաւ ծանօթանալ հայոց պատմութեան կարեւոր անցքերուն:

Իր խօսքին մէջ ՍԱՀ խորհրդարանի պատգամաւոր Նորա Արիսեան համառօտ ներկայացուց դոկտոր Արշակ Փոլադեանի մենագրութիւնը` նշելով, որ գիրքն իր տեսակին մէջ բացառիկ է, քանի որ այն Սուրիոյ մէջ առաջին անգամ տպագրուած աշխատութիւն է, որ արաբախօս ընթերցողին հնարաւորութիւն կու տայ մայրենի լեզուով համապարփակ ծանօթանալ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրին:

Դեսպան Փոլատեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ղարաբաղեան հիմնահարցը հայ ժողովուրդի` իր հայրենի հողին վրայ ազատ եւ անկախ ապրելու արդար պահանջի խնդիր է: Ան ընդգծեց, որ Արցախը եղած է հայոց պատմական բնօրրանը եւ որեւէ այլ երկիր պատմական, իրաւական եւ բարոյական հիմքեր չունի պահանջելու այդ տարածքներու սեփականատիրութիւնը: Դեսպանն ընդգծեց, որ Արցախի մէջ հայկական ներկայութեան մասին կը վկայեն պատմական բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ հայկական մշակոյթի յուշակոթողներ: Ան աւելցուց, որ դեռեւս 5-րդ դարուն Ամարասի մէջ սկսաւ գործել հայկական առաջին դպրոցը, որ անհերքելի ապացոյց է Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ լեզուական ներկայութեան: Դեսպանը աւելցուց, որ Արցախը Ատրպէյճանի նորաստեղծ հանրապետութեան միացնելու 1921թ. յուլիս 5-ի բոլշեւիկեան կովկասեան բիւրոյի անարդար որոշումը կը հակասէր Արցախի բնակչութեան շահերուն եւ ազգային ձգտումներուն: Անդրադառնալով ԽՍՀՄ փլուզման հետեւած իրադարձութիւններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի մէջ ազգային ազատագրական պայքարին` Արշակ Փոլատեան շեշտեց, որ Արցախեան շարժումը, իսկ այնուհետեւ Արցախեան պատերազմը երբեւէ կրօնական երանգ չէ ունեցած, մինչդեռ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մշտապէս փորձեր  ըրած են հակամարտութեան կրօնական երանգ հաղորդել եւ այդպիսով ձեռք բերել արաբա-մահմետական աշխարհի աջակցութիւնը` կեղծելով փաստերն ու պատմական իրողութիւննները: Աւարտելով ելոյթը` դեսպան Փոլատեան նշեց, որ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ունի կայացած իշխանութեան հիմնարկներ, մարտունակ ու ժամանակակից բանակ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն: Գիտաժողովի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ դեսպան Արշակ Փոլատեանի սենարով պատրաստուած Արցախի մասին վաւերագրական կարճամեթրաժ ֆիլմն արաբերէն լեզուով:

Գիտաժողովի աւարտին դեսպան Արշակ Փոլատեան Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան պատուոգիրներ յանձնեց Ասատի գրադարանին եւ «Միտատ» կեդրոնին, իսկ «Տար ալ-Շարք» հրատարակչութեան` երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան եւ Սուրիոյ մէջ հայոց պատմութեան լուսաբանման գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալու համար, պարգեւատրեց Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան ոսկէ մետալով: Ներկաները նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան ստանալու դոկտոր Փոլատեանի` Ղարաբաղեան պատերազմին մէջ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայ ազատամարտիկներու լուսաւոր յիշատակին նուիրուած «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր` չսպիացող վէրք» գիրքի օրինակներ` հեղինակի ստորագրութեամբ:

Տեղեկանք․

Դեսպան Արշակ Փոլատեանի մենագրութիւնը գիտաճանաչողական աշխատութիւն է, այն առաջին անգամ արաբերէն լեզուով համապարփակ գիտելիք կու տայ հայ ժողովուրդի պատմութեան առաւել կարեւոր խնդիրներէն` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի մասին: Գիրքին մէջ լիարժէք եւ համապարփակ կը ներկայացուի Արցախի պատմութեան ողջ ընթացքը` սկսած հնագոյն շրջանէն մինչեւ մեր օրերը` ազգային ազատագրական պայքարը եւ յետպատերազմեան տարիները: Գիրքին մէջ առանձնայատուկ տեղ  կը զբաղեցնէ Կովկասեան տարածաշրջան թրքական ցեղերու ներխուժման եւ թրքական գործօնի բացասական դերը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Հեղինակը նաեւ հանգամանալի անդրադարձ կը կատարէ Ցարական Ռուսաստանի անկման եւ կովկասեան երեք պետութիւններու անկախացման, երբ առաջին անգամ աշխարհի քարտէզին վրայ յայտնուած Ատրպէյճան պետութիւնը տարածքային նկրտումներ ներկայացուց Արցախի հանդէպ եւ այնուհետեւ` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ ՌԽՍՀ կովկասեան բիւրոյի կողմէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ մտցնելու անարդար որոշումին:

Գիրքին մէջ ներկայացուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական բնակչութեան դէմ բռնաճնշումները, Սումգայիթի, Գանձակի (Կիրովաբատ), Պաքուի եւ այլ քաղաքներու մէջ հայկական ջարդերը, ինչպէս նաեւ` Խօճալույի դէպքերու մասին ողջ իրականութիւնը: Դեսպան Փոլատեանի մենագրութեան մէջ տեղ  գտած են Արցախեան հիմնախնդրին վերաբերող կարեւոր փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ` Արցախի բնակչութեան կազմի եւ թուաքանակի վերաբերեալ ժողովրդագրական որոշ տուեալներ:

Մենագրութիւնը լայն արձագանք  ստացած է Սուրիոյ գիտական, մշակութային ծիրէն ներս եւ լայնօրէն լուսաբանուած է սուրիական ԶԼՄ-ներուն մէջ:

Scroll Up