Հայաստան Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կ’իրականացնէ

Հայաստան Սուրիոյ մէջ  մարդասիրական առաքելութիւն կ’իրականացնէ` ի աջակցութիւն Հալէպի մէջ հայկական համայնքին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, «Իմ քայլը յանուն Տաւուշի» ներդրումային համաժողովի աւարտէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին այս մասին յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներու խումբը Սուրիոյ մէջ պիտի գործէ Հայաստանի  Հանրապետութեան դրօշի ներքոյ: Գործողութիւնը պիտի ըլլայ մարդասիրական: Խօսքը բժիշկներու եւ  մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներու մասին է, որոնք մարդասիրական առաքելութիւն պիտի իրականացնեն` ի աջակցութիւն հայ համայնքին»,- ընդգծեց ՀՀ վարչապետը:

Scroll Up