Նազարեան Եւ Ռենտըն Պիտի Մեծարուին Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ճաշկերոյթին Ընթացքին

Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք իր անդրանիկ ճաշկերոյթը առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեծարելու Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի խօսնակ Էնթընի Ռենտընը եւ խորհրդարանական Ատրին Նազարեանը, որոնք կենսական դերակատարութիւն ունեցած էին թանգարանին 1 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելու ջանքին՝ նահանգային 2016-2017 ամավարկին ընդմէջէն։ Այս մասին կը յայտնէ «Ասպարէզ»:
Օժանդակութեան այդ առաջարկը 2016ին նախաձեռնուած էր Նազարեանի կողմէ եւ վայելած էր Ռենտընի ամբողջական աջակցութիւնը, որուն շնորհիւ անիկա մաս կազմած էր ամավարկին վերջնական այն տարբերակին, որ ստորագրուած էր նահանգապետին կողմէ։
«Հայ-ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձութիւնը իր անդրանիկ ձեռնարկը լաւ առիթ մը նկատած է մեծարելու ծրագիրին նախնական օրերէն անոր գործնականօրէն աջակցած նահանգային խորհրդարանականներ Նազարեանը եւ Ռենտընը, համայնքին երախտագիտութիւնը յայտնելով անոնց», կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:
9 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ձեռնարկը ի մի պիտի բերէ թանգարանի ծրագիրին նուիրատուները, համակիրները, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային ղեկավարներ՝ տօնելու համար պատմական այս նախաձեռնութեան իրագործումները: Անոր ընթացքին պիտի մեծարուին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ նոյն մարմինին պատուոյ նախագահ Քեւըն տէ Լէոն, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը:
Թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն: