Գանատահայ Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի նահանագային ընտրութիւններու Յառաջդիմական-Պահպանողականներու թեկնածու

Գանատահայ Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի նահանագային ընտրութիւններու Յառաջդիմական-Պահպանողականներու թեկնածու 7 Յունիս 2018-ին, Գանատայի Օնթարիօ նահանգի ընտրութիւններուն, Յառաջդիմական-Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան պիտի պայքարի Ազատական, Դեմոկրատական եւ այլ կուսակցութեանց թեկնածուներուն դէմ։ Այս մասին կը  յայտնէ Գանատայի Հորիզոն շաբաթաթերթը։

Յունիս 7-ին «Հորիզոն»ի հետ կայացած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին Արիս Պապիկեան յայտնեց, թէ ընտրական իր գրասենեակը ժրաջան աշխատանքի մէջ է եւ  հայ, չինացի եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու կամաւորներ մասնակից են ընտրապայքարի քարոզչական աշխատանքներուն։ Ան յայտնեց նաեւ, թէ ըստ նախընտրական վիճակագրութեանց՝ ընտրատարածքին մէջ Պահպանողական կուսակցութեան յապթանակի հաւանականութիւնը մեծ է։

Նշենք, որ Ապրիլ 2-ին կայացած Օնթարիոյի Յառաջդիմական-Պահպանողական կուակցութեան Սքարպորօ-Ակինքորթ ընտրատարածքի ներքին ընտրութիւններուն արդիւնքով, Արիս յաղթական հանդիսացած էր եւ դարձած կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուն:

Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւոր պաշտօնին կոչուած է 2009-ին եւ այդ պաշտօնը վարած է 6 տարի:

Արիս Պապիկեան երկար տարիներ վարած է Armenian National Federation of Canada-ի նախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ վարած է Canadian Ethnocultural Council-ի քարտուղարութիւնը: Իբրեւ լրագրող անդամակցած է National Ethnic Media and Press Council of Canada-ի: Գանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրման 125-ամեակին առթիւ ան արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին գնահատական շքանշանին:

Արիս մեծ ներդրում ունեցած է հայ համայնքի կեանքին մէջ: Գանատահայ համայնքին իր 32 տարուան անխոնջ ծառայութեան ընթացքին ան 4 տարի գործած է որպէս պատասխանատու վարիչ տնօրէն Գանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին մէջ: Պարգեւատրուած ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մետալով։

Scroll Up