Աւելի Քան 300 Անձերու Մասնակցութեամբ Կայացաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հանրային Հաւաքը

Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վարչութեան կազմակերպած հանրային հաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մարտ 8-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Տարեցներու ժամանցի կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 քաղաքացիներու, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանի առաքելութեան, ծրագիրին եւ դիրքին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Թանգարանի առաքելութեան եւ վայրին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Ամերիկահայութեան թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան՝ վստահեցնելով, որ թանգարանը պիտի ըլլայ «մեր անցեալը յարգող, ներկան գիտակցող եւ ապագան կառուցող» մշակութային կեդրոն մը։
Ծրագիրը մաս կը կազմէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը զարգացնելու ընդարձակ նախաձեռնութեան:
Իր կարգին, թանգարանին յատակագիծը պատրաստած Արամ Ալաճաճեան ներկայացուց կառոյցին մանրամասնութիւնները՝ նշելով, որ շէնքը ձեւաւորելու ընթացքին իբրեւ ներշնչումի աղբիւր ունեցած է Կլենտէյլի հիւսիսը բարձրացող Վըրտուկօ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի լեռները։
Թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան պատմութեան նուիրուած մնայուն բաժին մը, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպէ ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնող ցուցահանդէսներ եւ ներկայացումներ։
Կը նախատեսուի թանգարանին մէկ անկիւնը նաեւ ցուցադրական խոհանոց մը շինել՝ տարբեր մշակոյթներու ճաշատեսակներու փոխանակման նպաստելու համար։
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ ըսաւ, թէ թանգարանը վստահաբար քաղաքը հարստացնող յաւելում մը պիտի ըլլայ՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը 4 միլիոն տոլար խոստացած է թանգարանի այս պատմական ծրագիրի իրականացման համար։
Հանրային հաւաքին ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան, քաղաքապետական խոհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմընի, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչները եւ թանգարանի վարչութեան համաատենապետ՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու վարչութեան անդամները։
Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել