Սուրիահայ Բժիշկի Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը
Զարեհ Օհանէս բժիշկ-հոգեբուժ է: Մասնագիտական կրթութիւն ձեռք բերած է Հայաստանի մէջ: Սուրիահայ պատանիի հայրենասիրութեան ու ուսումնառութեան տենչը զինք Սուրիոյ ալ Հասաքայէն Հայաստան կը բերէ, ուր կ´ընդունուի, ապա կ´աւարտէ Երեւանի բժշկական համալսարանը: Յետոյ դժուարին ու պատերազմական ժամանակներ պէտք է սկսուէին:
Այդ տարիներէն շատ ժամանակ անցած է: Զարեհը բնակութիւն հաստատած է Հոլանտայի մէջ եւ անմիջապէս ներգրաւուած Ամսթըրտամի հայկական կառոյցներուն մէջ: Եղած է «Արարատ» մշակութային միութեան վարչութեան անդամ,այնուհետեւ տեղի հայկական եկեղեցւոյ վարչութեան անդամը, ապա ատենապետը:
Կ´աշխատի իր` բժիշկ-հոգեբուժի մասնագիտութեամբ, ամուսնացած է գեղեցկուհի հայուհիի մը հետ` Սաթինէի հետ: Ունին հրաշք երեք զաւակներ` Սեւակ, Րաֆֆի, Մարիամ հայահունչ անուններով: Զարեհն ու Սաթինէն անոնց կը դաստիարակեն հայկական ոգիով ու աւանդութիւններով: Փուրմերենտի մէջ` Ամսթըրտամէն ոչ հեռու, ուր կը բնակին անոնք, քանի մը տարի է, որ հիմնած են «Կիլիկիա» հայկական մշակութային միութիւնը, այստեղ ալ կը ծաւալեն իրենց հայանպաստ գործունէութիւնը:
Օհանէսի ընտանիքի այս անգամ Հայաստան մեկնելու առիթն այլ էր: Զարեհի ուսանողական ընկերները համալսարանը աւարտելէ 25 տարի անց պարզապէս ցանկացած էին ընիկերներով հանդիպիլ նոր Հայաստանի մէջ, կիսել ուսանողական տարիներու յուշերն ու Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան տպաւորութիւնները:Հոկտեմբերեան այցի ժամանակը համընկաւ ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին,ինչպէս նաեւ շարք մը իրականացուող ձեռնարկներու:
«Այս անգամ ես տեսայ այլ Հայաստան, ուր մարդիկ իրենց ղեկավարին կողքին են,-ինծի հետ զրոյցին ըսաւ Զարեհ Օհանէսը,- սիրոյ ու հանդուրժողականութեան այս մթնոլորտը միայն դրական լիցքեր կը հաղորդէ բոլորիս ու աւելի կ´ոգեւորէ յետագայ գործունէութեան համար»:
Հանդիպումը եւ լուսանկարը վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ փաշինեանի հետ սրտաբուխ ու անմիջական եղաւ: Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբեր 16-ին այցելած էր հիւսիսային պողոտայի վրայ բացուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ, որ նուիրուած էր Երեւանի2800-ամեակին: Այն պահուն, երբ Նիկոլ Փաշինեան շրջած է տաղաւարներով,ծանօթացած սուրիահայերու աշխատանքներուն եւ հետաքրքրուած անոնց գործունէութեամբ Զարեհը մօտեցած է անոր եւ ջերմ խօսքեր փոխանակած: Երկրի ղեկավարը հաւաստիացուցած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել սուրիահայերու խնդիրներն ու գործարար գործունէութեան համար ապահովել առաւելագոյն բարենպաստ պայմաններ: Ցուցահանդէս-տօնավաճառին մէջ ներկայացուած եղած են 50-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքները:
Զարեհ Օհանէսը կը յիշէ, թէ ինչպէս դեռ 2 տարի առաջ` նոյն ամսուն, Հոլանտայի մէջ «Կիլիկիա» մշակութային իրենց միութիւնը հանդէս եկաւ հալէպահայութեան օգնելու կոչով` կազմակերպելով դրամահաւաք: «Հիմա արդէն առարկայական Հայաստան պետութիւնն է մեր սուրիահայ եղբայրներուն կ´օգնէ ու անոնց կողքին է, եւ ատիկա դեռ սկիզբն է»,-կ´ըսէ Զարեհը:
Նոյն օրը Զարեհը լուսանկարուած է սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի հետ: Քանի մը օր առաջ անոնք ստացած են սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Հոլանտաուղարկուած արեւմտահայերէն դասագիրքերը, որմով ալ պէտք է ուսուցանուին «Կիլիկիա» միութեան դպրոց յաճախող երեխաները: Զարեհը կ´ափսոսայ, որ այդ պահուն չէ հասցուցած իր շնորհակալութիւնը փոխանցել նախարարին` դասագիրքերու ժամանակին առաքման համար:
Միւս լուսանկարը Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու նախագահներ Արմէն Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ նոյնքան անսպասելի ու հետաքրքիր եղած է: «Որեւէ անգամ չէր յարողած Հայաստան այցելելուն զուգահեռ` Արցախ ալ այցելէր,-կը պատմէ Զարեհը, այս անգամ երեխաներուս խօսք տուած էի պատեհ առիթն ի նպաստ օգտագործել: Ի բարեբախտութիւն, ընկերներուս հետ այցելեցինք Արցախ»:
Ան հիւրանոցի պատուհանէն կը նկատէ, որ մեր երկու հանրապետութիւններու նախագահները կը զբօսնեն, կը զրուցեն:
«Կարծես բնական ու անկեղծ ուժ մը ինծի դուրս հանեց սենեակէն եւ արդէն մէկ վայրկեանէն ես կ´ողջունէի մեր նախագահները: Ընկերներէս մէկն ալ այդ պահը լուսանկարեց,-կը յիշէ Զարեհը եւ կ´աւելցնէ,-ահա այսպէս, ազատ ու անկաշկանդ պէտք է զգայ իւրաքանչիւր հայ քաղաքացի ու ջերմ զգացումով կանգնի իր ղեկավարի կողքին»:
Զարեհ հպարտ ու վստահ է, որ անոնք կը ծառայեն իրենց ժողովուրդին ու հայրենիքին: Սա հպարտութեան իւրայատուկ զգացում է: Յուսանք` յարատեւ:
Hay Azian
«Նիտերլանտական օրագիր»