Հոմսահայ ընտանիքներ ստացան նիւթական պարգեւներ

Շաբաթ 3 նոյեմբեր 2018-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, իր հետ ունենալով Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Քիրէճեանը եւ Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան Մարմինի (ԴՇՕՄ) անդամներ՝ տիարք Աւօ Ոսկեանը, Աւօ Աճէմեանը եւ Ասատուր Միսիրեանը, այցելութիւն տուաւ Հոմսի հայ համայնքին: Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին բազմաթիւ հոմսահայեր:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Քահանայ Հայրը Հոմսի Սուրբ Մեսրոպ Եկեղեցւոյ մէջ նախ կատարեցին յատուկ աղօթք Ամենակալ Աստուծմէ խնդրելով խաղաղութիւն եւ կայունութիւն Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հոմսի համար եւ ապա բաշխեցին Սուրբ Հաղորդութիւն:

Յետ արարողութեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան Մարմինի (ԴՇՕՄ) անդամները, Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, ժողովրդային հանդիպում ունեցան Հոմսահայ ընտանիքներուն հետ լսելով անոնց մտահոգութիւններուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Անոնք ներկաներուն փոխանցեցին իրենց զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը:

Ապա Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինին կողմէ ներկաներուն բաժնուեցաւ նիւթական օժանդակութիւն, քաջալերելով զիրենք դիմակայելու եւ յաղթահաելու համար իրենց քաղաքին եւ շրջանին մէջ տիրող դժուարութիւնները:

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 3 նոյեմբեր 2018

Scroll Up