ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Եւ ՀԲԸՄ Հայկական Առցանց Համալսարանը Կը համագործակցին` Ի Նպաստ Հայապահպանութեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ՀԲԸՄ Հայկական վիրտուալ համալսարանը (ՀՎՀ) ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր: Վերջինս պաշտօնապէս կը հաստատէ նախարարութեան եւ ՀՎՀ-ի միջեւ ձեւաւորուած երկարատեւ համագործակցութիւնը` միտուած հայ ինքնութեան պահպանման սփիւռքի մէջ: Յուշագիրին համաձայն` համալսարանը կ’աջակցի նախարարութեան երիտասարդական, հայրենաճանաչողական ու այլ ծրագիրներու ծիրէն ներս կրթական ձեռնարկներու իրականացման: ՀՎՀ-ն նաեւ հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասընթացներ կը տրամադրէ նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող «Քայլ դէպի տուն», ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասնակիցներուն:

Այս գործակցութեան հիմքը դրուեցաւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մեկնարկով, որուն 440 մասնակիցները հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվեցան 8-օրեայ դասընթացներու ընթացքին: Ծրագիրի կրթական բաղադրիչի հիմքին ՀՎՀ-ի առցանց դասընթացներն էին եւ հիպրիտ կրթութեան մեթոտը` առցանց եւ աւանդական կրթութեան համակցմամբ: ՀՎՀ-ն նաեւ անվճար կազմակերպեց ծրագիրին  ընդգրկուած աւելի քան 20 ուսուցիչներու վերապատրաստումը:

Նկարներով, տեսանիւթերով եւ գործնական վարժութիւններով հարուստ առցանց դասերու շնորհիւ դասընթացները դարձան հետաքրքիր եւ արդիւնաւէտ, իսկ բովանդակութիւնը յարմարեցուած էր ուսանողներու լեզուի իմացութեան մակարդակին: Ծրագիրի աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան ՀՎՀ վկայական: ՀՎՀ-ն անոնց համար կազմակերպեց նաեւ ձեռնարկներու շարք` ներկայացնելու համալսարանի ծրագիրները եւ առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները:

«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ներուժը բարձրացնելու նպատակով ՀՎՀ-ն մասնակիցներուն տուաւ ուսումն առցանց շարունակելու եւ իրենց նախընտրած մէկ դասընթացին անվճար հիմունքներով մասնակցելու  հնարաւորութիւն:  Անոնցմէ քանի մը անձ արդէն գրանցուած են  ՀՎՀ  ուսումը շարունակելու համար:

 

 

Scroll Up