Տեղի Ունեցաւ «Իմ Հայաստան» Համահայկական Երրորդ Փառատօնի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
Յուլիս 22-ին Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պարարուեստի օրերու մեկնարկով տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ ՀՀ Նախագահի բարձր հովանիի ներքոյ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնէն ետք Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան Տէրունական աղօթքով օրհնեց փառատօնի մասնակիցներն Ու հիւրերը:
ՀՀ Նախագահի ողջոյնի ուղերձը ներկայացուց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Պարուսոյց Սուրէն Խաչատրեան ընթերցեց Հայոց բանակին մէջ ներկայիս ծառայող իր սանին նամակը, ուր ան կ’ողջունէր «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասնակիցները եւ յոյս կը յայտնէր, որ երկու տարի յետոյ անպայման պիտի մասնակցի փառատօնին:
Ցուցադրուեցաւ «Իմ Հայաստան-2014» տեսաֆիլմը:
Ելոյթ ունեցան փառատօնին մասնակցելու համար աշխարհի 25 երկիրներէ ժամանած 48 պարախումբերը` Պոսթընի «Սայաթ-Նովա», Պուէնոս Այրէսի «Մասիս», Մոսկուայի «Կիլիկիա», «Վարդավառ», «Հայասա», Ս. Փեթերսպուրկի «Նայիրի», Ափշերոնսկի «Ուրարտու», Գրասնոտարի «Արմաւիր», «Նարեկ», Թիֆլիսի «Անի», «Վանք», «Տարօն», Սթաւրոփոլի «Նայիրի», Տոնի Ռոստովի «Արփի», «Հայաստանի փայլեր», «Զուարթնոց», Թեհրանի «Զարթօնք», Սոչիի «Լոո», Գալուկայի «Տաշիր», Ջաւախքի «Վաչիան», «Պարալէթ», Արմաւիրի «Արարատ», Մայքոփի «Նայիրի» եւ «Վարդանանք», Կելէնճիկի «Նուռ եւ Անի», Խարքովի «Արաքս», Աթէնքի «Աւետիս», Սպահանի «Կռունկ», «Էրեբունի», Պէյրութի Համազգայինի «Քնար», Ֆիլատելֆիոյ Համազգայինի «Մեղրի», Նիւ Ճըրսիի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբերը, Արցախի պարի պետական անսամպլը:
Փառատօնի մասնակիցներուն իրենց կատարումներով ողջունեցին երգիչներ Գէորգ Հաճեան, Արսէն Գրիգորեան, Մասիս Մինասեան:
Այնուհետեւ բեմին վրայ յայտնուեցան 25-ամեայ 25 երիտասարդներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկ հակիրճ նախադասութեամբ ներկայացուց 25 տարիներուն ընթացքին Անկախ Հայաստանի` իր պատկերացմամբ հիմնական նուաճումները:
Փառատօնի բացման աւարտին մասնակիցներուն ողջունեց ու բարի երթ մաղթեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. ««Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի սիրելի՛ մասնակիցներ, Սփիւռքից ժամանած թանկագին քոյրեր եւ եղբայրներ, ջերմութեամբ ու սիրով ողջունում եմ ձեզ Հայրենիքում եւ շատ ուրախ եմ, որ մեծ ոգեւորութեամբ էք եկել մասնակցելու մշակութային եզակի այս փառատօնին, որին պատրաստուել էք մօտ երկու տարի:
Աշխարհի տարբեր անկիւններում պարտադրանքով հանգրուանած հայն իր ինքնութեան պահպանման համար Հայաստանի հողի ընդերքից սնունդ եւ ուժ առնելու անհրաժեշտութիւն ունի: Հող հայրենին իմաստաւորւում է նաեւ մշակոյթով, լեզուով ու հաւատքով, որոնք ամրութիւն եւ ոգի են հաղորդում իւրաքանչիւրիս:
Մշակոյթը մեր դէմքն է, հայի անձնագիրն աշխարհում, եւ չափազանց մեծ է խորհուրդն այն բանի, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը հիւրընկալում է 25 երկրից ժամանած մեր հայրենակիցներին, քանզի մենք այն նուիրել ենք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնների անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններին: Առանձնակի շնորհակալութիւն եմ յայտնում ձեզ, որ ձեր ազատ ժամանակը լցնում էք արուեստով, հաւատարիմ էք մնում ձեր մշակոյթին: Հիացմունքս եւ երախտագիտութիւնս եմ յայտնում նաեւ մեր պարուսոյցներին, խմբավարներին, արուեստի ուսուցիչներին:
Բարի երթ ձեզ, ստեղծագործական թռիչք եւ բարձունք` ի նպաստ Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային գործակցութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի զօրացման, հայ ժողովրդի բարօրութեան ու լուսաւոր, գունեղ ապագայի:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը միշտ սպասում է ձեզ, միշտ պատրաստ է բոլոր հարցերում զօրավիգ լինել եւ համատեղ տօնել ձեր բոլոր յաջողութիւնները:
Վստահ եմ, որ երեք ամիս շարունակ «Իմ Հայաստան» փառատօնը ոչ միայն Հայաստանում, Արցախում, այլեւ Սփիւռքում ոգեւորելու, ջերմացնելու է հազարաւոր մարդկանց սրտեր»:
Փառատօնի նպատակն է աջակցիլ Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման, Սփիւռքի մէջ հայ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի երիտասարդ ստեղծագործողներու միջեւ մշակութային կապերու խորացման, նոր նախագիծերու մշակման:
Փառատօնին մասնակցութեան 110 յայտ ներկայացուցած են աշխարհի 25 երկրէ 1429 մասնակից, ներառեալ 48 պարախումբ, 11 երգչախումբ եւ գործիքային համոյթ, 54 անհատ կատարող: Պարախումբերէն, երգչախումբերէն եւ անհատ կատարողներէն 72-ը փառատօնին կը մասնակցին առաջին անգամ:
Նշենք, որ պարարուեստի օրերը կը տեւեն 10 օր: Երգչախմբային արուեստի օրերը կը սկսին Օգոստոս 5-ին եւ կ’աւարտեն Օգոստոս 10-ին: Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու օրերը նախատեսուած են Սեպտեմբեր 21-25: Սեպտեմբեր 26-ին Կոմիտասի ծննդեան օրը կատարողները աւանդաբար հանդէս կու գան հայկական ստեղծագործութիւններու կատարումներով: Փառատօնի ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 28-ին տեղի կ’ունենայ նաեւ 100+1 համերգային ծրագիրը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին: Խումբերը ելոյթ կ’ունենան Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի, Արարատի, Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց Ձորի, Տաւուշի մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: Փառատօնի ծիրէն ներս կ’իրականացուին նաեւ վարպետութեան դասեր սփիւռքէն ժամանած պարուսոյցներուն համար: