Սուրիահայ Երաժիշտ Սարգիս Ադամեանի Նոր Ստեղծագործութիւնը` Նուիրուած Երեւանին. տեսանիւթ

Սուրիահայ երաժիշտ, երգահան Սարգիս Ադամեան, որ արդէն 6 տարի է, որ կ´ապրի Հայաստանի մէջ, Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած նոր ստեղծագործութիւն հեղինակած է: Երգչուհի Լիլիթ Եղիազարեանի, որ եւ կը կատարէ երգը, խօսքերով գրուած ստեղծագործութիւնը կը կոչուի «Երեւան»: Նկարահանուած է նաեւ տեսահոլովակ, որուն բեմադրիչը Սուրէն Եղիազարեանն է:
«Երեւանն ինծի համար գունաւոր, գեղեցիկ քաղաք է: Միշտ մեր սիրելի մայրաքաղաքի մասին երգ գրելու ցանկութիւն ունեցած եմ: Երբ Լիլիթն ինծի ցոյց տուաւ իր հեղինակած խօսքերը եւ առաջարկեց երաժշտութիւն գրել, ես սիրով համաձայնեցայ: Մեր համագործակցութեան արդիւնքով ծնաւ «Երեւան» երգը»,- ««Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Սարգիս Ադամեանը եւ աւելցուց, -արդէն 6 տարի է` Երեւանի մէջ կ´ապրիմ, բայց ամէն առաւօտ, երբ կ´արթննամ, կարծես առաջին անգամ Երեւան կը տեսնեմ: Ամէն օր իմ սիրելի մայրաքաղաքն ինծի կը ներկայանայ նոր շունչով, նոր հոգիով, աւելի երիտասարդացած»: