Մեկնարկեց «Բազմավէպ» Հայագիտական Հանդէսի 175-ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողովը
Հոկտեմբեր 19-ին ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ» հայագիտական, բանասիրական, գրական հանդէսի 175-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան: Շնորհաւորելով «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի 175-ամեայ յոբելեանի առթիւ` Մխիթար Հայրապետեան մասնաւորապէս նշեց. «Մխիթարեան միաբանութիւնը գիտական եւ մշակութային գործունէութեան հետ մէկտեղ, ստանձնելով նաեւ հայ լրագրութեան զարգացումը խթանելու պատուաբեր առաքելութիւնը, 175 տարի առաջ դարձաւ հայ մամուլի ստեղծման հիմնաքարերէն մէկը: Հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ մեծագոյն աւանդ ունեցող «Բազմավէպ» պարբերականն ունեցած է աւելի քան չորս տասնեակ խմբագրապետ, որոնք իրենց անմնացորդ աշխատանքով ապացուցած են, որ եւրոպական միտքն ու գաղափարները հէնց իրենց շնորհիւ` ներմուծուած է հայ մշակոյթ: Այնչափ ուրախ եմ եւ ինծի համար մեծ պատիւ է այսօր այս դահլիճին մէջ ողջունելու անոնցմէ Հայր Լեւոն Զէքիեանին, Հայր Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանին, Հայր Վահան Օհանեանին եւ Հայր Սերովբէ Չամուրլեանին»:
Դիմելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ Տել Մոնակոյին` նախարարի պաշտօնակատարն ընդգծեց. «Ձերդ գերազանցութիւն պարո՛ն դեսպան, կը խնդրեմ իմ երախտագիտութեան խօսքը փոխանցել Իտալիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան` հայասիրութեան, մեր ժողովուրդին ցուցաբերած վերաբերմունքի, առանձնապէս Իտալիոյ սրտին մէջ` Սուրբ Ղազարի հայ ազգային հոգեւոր-մշակութային ունեցուածքը կարեւորելու, պահպանելու եւ աշխարհին ներկայացնելու համար»:
Ելոյթն ամփոփելուն Մխիթար Հայրապետեան շնորհաւորեց նաեւ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 75-ամեայ յոբելեանի առթիւ:
Ներկաներուն փոխանցուեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջինի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Գրիգոր Պետրոս Ի-ի օրհնութեան խօսքերը:
Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ «Բազմավէպ»-ի 175-ամեակը կը զուգադիպէ ՀՀ ԳԱԱ 75-ամեակին եւ Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակի ձեռնարկներու եզրափակման:
Միջազգային գիտաժողովի բացման ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ Տել Մոնակօ, ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան մամուլի քարտուղար Անդրանիկ Մարդոյեան փոխանցեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանջեանի ողջոյնի խօսքը:
Գիտաժողովն իր աշխատանքերը կը շարունակէ այսօր եւ վաղը` երկու բաժանմունքերով:
Կը ներկայացուին զեկուցումներ ըստ հայագիտութեան տարբեր ուղղութիւններու, կը ծաւալին բանավէճեր ու քննարկումներ` լիագումար եւ թեմատիկ նիստերով: