Մխիթար Հայրապետեան Ընդունեց ՀՀ-ի Մէջ Իտալիոյ Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպանը

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան հոկտեմբեր 17-ին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ջովանի Ռիչուլին:

Ողջունելով դեսպանը` նախարարը համոզմունք յայտնեց, որ հայ-իտալական յարաբերութիւնները յառաջիկային աւելի կը զարգանան ու կ’ընդլայնուին: Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր համարեց երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական, մշակութային կապերու աշխուժացումը:

Իտալիոյ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ նշեց, որ ուրախ են ընդլայնելու համագործակցութեան շրջանակները նոր Հայաստանի մէջ:

Քննարկուեցան կրթութեան, նորագոյն ճարտարագիտութեան եւ տնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան վերաբերեալ հարցեր:

 

Scroll Up