ՌԱԿի Պատուիրակութեան Հանդիպումը ՀՀ Սփիւռքի Նախարար՝ Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

Լիբանան իր այցելութեան ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան ՀՀ դեսպանատան մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՌԱԿի պատուիրակութեան հետ: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին, ընկերներ՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան, Արա Թէրզեան եւ Արա Գոյունեան: Պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան:

Սրտբաց եւ մտերմիկ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին սփիւռքներն ու հայրենիքը յուզող հարցեր:

Քննարկուեցան ապագային աւելի եւս գործակցութեան հեռանկարներ: Յարգելի նախարարը ՌԱԿի պատուիրակութեան փոխանցեց իր տպաւորութիւնները Լիբանանի եւ Լիբանանահայ համայնքին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ մը եղաւ հանդիպման նախօրէին Նախարարին Սուրիա այցելութեան մանրամասնութիւններուն:

Նշենք, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Լիբանան իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ կ՛ունենայ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Scroll Up