Հրանոյշ Յակոբեանի Հանդիպումը Լիբանանի Հայ Աւետարանական Առաջնորդներուն Հետ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Լիբանան կատարած այցի ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 11-ին Պէյրութի մօտակայ գեղատեսիլ բարձունքի վրայ գտնուող Հայ աւետարանական համագումարներու կեդրոնին մէջ` ՔՋԱԿ-ի մէջ (Քրիստոնէական Ջանից ամառնային ճամբար), հանդիպեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներու, կրթական խորհուրդի, վարժարաններու տնօրէններու, հասարակական գործիչներու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Վսեմաշուք նախարարուհիին կ’ուղեկցէին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, դեսպանատան աշխատակիցներ:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ՄԱՀԱԵ-ի (Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցի) միութեան կեդրոնական մարմնի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի Փոլ Հայդոստեան ողջունեց նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանը, ապա ներկայացուց ՔՋԱԿ-ի մէջ կատարուող աշխատանքները, ուր հարիւրաւոր մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ հոգեպէս կը դաստիարակուին, յատկապէս` ամառնային համագումարներուն ընթացքին: Ապա շեշտեց Սփիւռք-Հայրենիք գործակցութեան ծիրէն ներս տարուած փոխադարձ գնահատելի աշխատանքը` ի նպաստ հայակերտումի:

ՄԱՀԱԵ-ի միութեան նախագահ Մկրտիչ Գարակէօզեան շնորհաւորեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը վերանշանակուելու կապակցութեամբ եւ բարձր գնահատեց անոր ունեցած դրական  ներդրումը Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ: Վերապատուելին ընդգծեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ քրիստոնեայ հայու ինքնութեան կարեւորութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համար:

Իր խօսքին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ի սրտէ գոհունակութիւն յայտնեց ՔՋԱԿ-ի նման հաւաքատեղիի գոյութեան եւ գործունէութեան համար: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱՀԱԵ-ի միութեան եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան` իրենց գործակցութեան եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած նուիրումին համար:

Պատասխանելով ներկաներու հարցերուն` Հրանոյշ Յակոբեան մանրամասն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն` նշելով վիճակագրական տուեալներ: Նախարարը ուրուագծեց անոնց քանակն ու կեանքը, յատկապէս շեշտեց հալէպահայերու ներգործութիւնը հայաստանցիներու կեանքին մէջ:

Հանդիպումը անցաւ շատ ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:

%d5%b6%d5%a1%d5%ad%d5%a1%d6%80%d5%a1%d6%80

Scroll Up