Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Կրնան Մասնակցին Նաեւ Այլ Երկիրներու Քաղաքացիները
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կրնան մասնակցել ոչ միայն ՀՀ քաղաքացիները: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն չունեցող անձիք նոյնպէս կրնան մասնակցիլ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն, եթէ անոնք մինչեւ քուէարկութեան օրը ունին առնուազն մէկ տարուան հաշուառում:
«Սոյն թուականի Սեպտեմբեր 23-ին տեղի պիտի ունենան Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները: Կարեւորելով աշխոյժ մասնակցութիւնը քաղաքական բոլոր գործընթացներուն` սփիւռքի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտի համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն չունեցող անձիք նոյնպէս կրնան մասնակցիլ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն, եթէ անոնք մինչեւ քուէարկութեան օրը ունին առնուազն մէկ տարուան հաշուառում»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք` Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները նախանշուած են սեպտեմբերի 23-ին: Դրանց մասնակցում են 12 քաղաքական ուժեր: