«Ինծի «Քայլ Դէպի Տուն» Բերաւ Հայրենիքիս Կարօտը». Ծրագիրի Ջաւախահայ Մասնակից
Ելիզաւէտա Կոբելեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ջաւախահայ մասնակիցներէն է: Վերջին անգամ տասնըմէկ տարի առաջ Հայաստան եկած է, այցելութենէն կը յիշէ միայն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ մոմ վառելն ու եկեղեցւոյ բակին մէջ շրջիլը: Ան համակարգիչի մօտ նստելու փոխարէն մտահորիզոնը զարգացնելու համար կը նախընտրէ գիրք կարդալ եւ մաքուր օդին զբօսնել:
«Պէտք է խոստովանիմ, որ շատ կ՛ուզեմ Հայաստան վերադառնալ, կրթութիւնս այստեղ շարունակել` իմ գիտելիքներս օգտագործելով հայրենիքիս զարգացման համար: Յոյսով եմ` ծնողներս կը համաձայնին, եւ շուտով կը բռնենք տունդարձի ճանապարհը»,-«Հայերն այսօր»-ին պատմեց Ելիզաւէտան` ընդգծելով, որ ամուր կապուած է հայրենի հողին, այստեղ ամէն ինչ հարազատ է իրեն, յատկապէս` բարեհամբոյր մարդիկ:
Ելիզաւէտան հայերը կը բնութագրէ իբրեւ խիզախ, անկեղծ, տաղանդաւոր ժողովուրդի, որոնք միշտ պատրաստ են օգնութեան ձեռք մեկնելու դիմացինին:
Ան կ՛երազէ դերասանուհի դառնալ, մասնագիտական ընտրութիւն կատարած է` ոգեշնչուելով տաղանդաւոր դերասան Մհեր Մկրտչեանի ու մերօրեայ դերասաններէն Հայկ Պետրոսեանի խաղերով:
«Ինծի «Քայլ դէպի տուն» բերաւ Հայրենիքիս կարօտը: Երբ կու գայի ծրագիրին մասնակցելու, շատ կ՛ուզէի մէկ յարկի տակ միայն հայերէն խօսող երեխաներ տեսնել, քանի որ հայերէնն ինծի համար աշխարհի ամենագեղեցիկ լեզուն է: Այդպէս ալ եղաւ, որուն համար ուրախ եմ»,-զրոյցն ամփոփեց Ելիզաւէտան:
Գէորգ Չիչեան