«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրին Շնորհիւ Գտայ Սուրիահայ Իմ Հին Ընկերներս. Ճորճ Սայըղ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի աշխոյժ մասնակիցներէն  է 18-ամեայ Ճորճ  Սայըղը: Ծնած է 2001 թուականին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, սակայն Սուրիոյ մէջ բռնկուած պատերազմը նախ անոնց տեղափոխեց Հայաստան, այնուհետեւ 2012 թուականին ընտանիքով բնակութիւն հաստատեցին Լեհաստանի մէջ: Ճորճ ծրագիրին կը մասնակցի կրտսեր եղբօր հետ:

Սուրիոյ մէջ ապրելու տարիներուն  քանի մը անգամ հնարաւորութիւն ունեցած է ընտանիքին հետ այցելելու Հայաստան, բայց այս այցը, իր փաստմամբ, ամենայիշարժանն է: «Շատ ուրախ եմ, որ ծրագիրին կը մասնակցին նաեւ սուրիահայեր, անոնց շարքերուն մէջ գտայ իմ հին ընկերներս, նաեւ նոր ընկերներ ձեռք բերի, որուն կարիքը շատ կը զգամ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Ճորճը:

«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին մէջ Ճորճ Սայըղը կարեւոր երկու հանգամանք առանձնացուց. ծրագիրի ուսումնական մասին շնորհիւ Հայաստանը` իր պատմական անցեալով, ճանչնալու հնարաւորութիւնը, քանի որ Լեհաստանի մէջ հայկական դպրոց չկայ, եւ հայրենիքի մէջ հայրենակիցներուն հետ կենդանի շփումը:

Հայաստանի մէջ Ճորճը կը մնայ մօրաքրոջ տունը, ուտեստներէն յատկապէս շատ  հաւնած է հայկական տոլման եւ գաթան: Ազատ ժամանակ կը սիրէ զբօսնել, բացայայտուներ ընել, իսկ խօսելով երազանքներուն մասին նշեց. «Կ՛երազեմ Արարատ լեռը բարձրանալ, շատ մեծ ցանկութիւն ունիմ այցելելու նաեւ Տաթեւ: Յոյս ունիմ, որ շուտով երազանքներս իրականութիւն կը դառնան»:

Ռուզաննա Ալեքսանեան

 

 

Scroll Up