Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի ՄԷջ» Գիրքի Շնորհանդէսը Դամասկոսի ՄԷջ

Դամասկոսի «Ասատ գրադարան»-ի տարեկան միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր դոկտոր Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ». /XIXդարու վերջը եւ XX դարու սկիզբը» գիրքի շնորհանդէսը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, «Աշշարք» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած գիրքի շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան պատգամաւորներ, քաղաքական գործիչներ, Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, արաբ մտաւորականներ, Արաբ գրողներու միութեան անդամներ, դամասկահայեր եւ հայկական հարցով հետաքրքրուողներ:

Գիրքի շնորհանդէսը լուսաբանուեցաւ մամուլի զանազան ներկայացուցիչներու կողմէ:

Աւելցնենք, որ «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ. /XIXդարու վերջը եւ XX դարու սկիզբը» գիրքին մէջ Նորա Արիսեան հանգամանօրէն անդրադարձած է Տէր Զօրի մէջ հայերու ներկայութեան, համայնքի կազմութեան, եկեղեցական եւ ընկերային կեանքի հոլովոյթին եւ այլն` յենուելով սուրիական ուսումնասիրական նիւթերուն վրայ:

 

Scroll Up