ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան Հանդիպեցաւ Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Հետ

Օգոստոս 3-ին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան այցելեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղ` հանդիպելու Ընկերակցութեան մէկդարեայ յոբելեանին առիթով օգոստոս 2-16 տեղի ունեցող Համաաւետարանական երիտասարդական համագումարի ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած շուրջ 150 սփիւռքահայ երիտասարդի հետ:

Հանդիպումէն առաջ Սփիւռքի նախարարի տեղակալն ու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան  առանձնազրոյց ունեցան, որուն ժամանակ վերջինս կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարութեան հետ ունեցած սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ընկերակցութեան հիմնադրման պատմութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուցած կրթական, ընկերային, մշակութային եւ այլ ուղղուածութեան ծրագիրները:

Աստուածաշնչեան պատգամէն եւ հոգեւոր երգերու կատարումէն ետք  Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Մկրտիչ Մելքոնեան կատարեց բարիգալստեան արարողութիւնը:

Բաբգէն Տէր–Գրիգորեան, շնորհաւորելով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան մէկդարեայ յոբելեանին առիթով, իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Այս կառոյցը մշտապէս աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կողքին  եղած է` իրականացնելով տարբեր բարեգործական, կրթական եւ ընկերային ծրագիրներ: Այնչափ կարեւոր կը նկատեմ Ընկերակցութեան երիտասարդներուն այցը Հայաստան, որուն ընթացքին անոնք   մասնակիցը կը դառնան բազմապիսի ձեռնարկներու եւ ականատեսը կ՛ըլլան այն բարեփոխումներու արդիւնաւէտութեան, որոնք մենք կը նախաձեռնենք Թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով»:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալը երիտասարդներուն յորդորեց նաեւ վերադառնալ Հայրենիք, իրենց գաղափարները, գիտելիքներն ու մասնագիտութիւնը ներդնել եւ մասնակիցը դառնալ նոր, հզօր Հայաստանի կերտման ու կայացման:

Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան պատասխանեց նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հարցերուն:

Այնուհետեւ տեսաուղերձի միջոցով իր շնորհաւորական խօսքը յղեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանջեան:

Աւարտին Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի Ալպերթ Փայտեան սփիւռքահայ երիտասարդներուն Մայր Հայրենիքի մէջ մաղթեց յիշարժան եւ բովանդակային օրեր:

Scroll Up