ԱՄՆ Կատարած Աշխատանքային Այցի Ծիրէն Ներս Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Յուլիս 30-ին Կլենտէլի մէջ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպած է Կլենտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի եւ խորհուրդի անդամներուն հետ:
Նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կլենտէլի կրթական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Մխիթար Հայրապետեան հանդիպած է Համահայկական հիմնադրամի աշխատակազմին , այցելած ՀՅԴ հայկական Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ճամբար (AYF Camp):
Յուլիս 31-ին նախարարը պիտի հանդիպի Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներու եւ Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամի ղեկավարներուն հետ:
Հանդիպում նախատեսուած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ Արքեպիսկոպոսի եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ:
Նախարարը պիտի այցելէ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Նախարարը պիտի հանդիպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ:
Պըրպընքի Առաջնորդարանին մէջ, Մխիթար Հայրապետեան պիտի հանդիպի համայնքի ղեկավարներուն հետ: