Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելած Է Վալանսի Հայ Մշակոյթի Կեդրոն

Նոյեմբեր 25-ին աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Ռուբէն Խարազեանի, Լիոնի մէջ ՀՀ փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեանի,  Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի  առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Վալանսի հայ մշակոյթի կեդրոն եւ «Ռատիօ A»-ի գրասենեակ:

Հանդիպման ներկայ եղած են Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլիա Տարակոն, Պուրկ-լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրրիեն, Տրոմ տարածաշրջանի փոխնախագահ Վերոնիկ Փուգիետը:

Հիւրերը ողջունած են Վալանսի հայ մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Նազօ Ճինպաշեան եւ Վալանսի «Դաւիթեան» մէկօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Սուսան Փահլեւանեան, իսկ Տրոմ Արդեշի «Ապրիլ 24» կոմիտէի անունով նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ հիւրերուն ողջունած է լրագրող, «Արմէնիա» միութեան նախագահ Գրիգոր Ամիրզայեան:

Իր ելոյթին ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ ուրախ է հիւրընկալուելու Վալանսի հայկական համայնքին մէջ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որոնք 20-րդ դարու սկիզբին իրենց յարկին տակ ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն: Իր խօսքին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա ջերմ յարաբերութիւններուն` կարեւոր համարելով համայնքին դերը այս հարցին մէջ:

Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Ռատիօ A»-ի 35-ամեայ յոբելեանի առիթով ռատիօկայանի տնօրէն Ժորժ Աւետեանին  յանձնած է «Ռատիօ A»-ին շնորհուած նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալը, իսկ նախարարութեան պատուոգիրներով եւ շնորհակալագիրներով  պարգեւատրած ռատիոկայանի աշխատակիցները:

Աւարտին տեղի  ունեցած է փոքրիկ հիւրասիրութիւն:

Scroll Up