ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց իր պատուիրակութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան: Առաջնորդարանի մուտքին Տիկին նախարարը դիմաւորուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Պետական ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ, որոնք ուղղուեցան դահլիճ, ուր ներկայ էին Թեմի Կրօնական Դասն ու Երեսփոխաններ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, կառոյցներու, կուսակցութեանց, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, Կրթական հաստատութեան պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ եւ հրաւիրեալներ։
Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Կրօնական Դասուն եւ համայնքին անունով եւ ըսաւ, որ Կիպրահայ գաղութը մօտէն կը հետեւի Նախարարութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն հեռատեսիլի եւ լրատուական միջոցներէն: Ապա, Սրբազան Հայրը ըսաւ.-« Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է Ձեզ ընդունիլ մեր յարկէն ներս։ Ձեր յարկէն ներս։ Մենք գիտենք թէ դուք որքան հարազատութեամբ կապուած էք կիպրահայ համայնքին։ Ուստի անգամ մը եւս ձեզի կը մաղթենք բարի գալուստ ձեր ընտանեկան յարկը։ Կիպրահայ համայնքը իր հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցչիներով մասնակցեցաւ ձեր կողմէ կազմակերպուած Հայրենիք Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին։ Կ՛ուզենք անգամ մը եւս շեշտել, թէ ուրախութեամբ նկատեցինք, որ հետզհետէ դէպի հայրենիք կազմակերպուող միջոցառումներուն կ՛աճի Սփիւռքէն մասնակիցներու թիւը։ Կը գիտկացինք նաեւ որ բոլորս միասին կը բաժնենք, բոլորս միասին կը տագնապինք թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի դիմագրաւած խնդիրները, դժուարութիւնները եւ որոնց յաղթահարման համար կ՛աշխատինք միասին։ Ինչպէս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բանաձեւեց հայրենիքի ժողովրդական տագնապը եւ Սփիւռքի մաշումը բոլորիս խնդիրն է եւ մենք համոզուած ենք, որ հայրենիք Սփիւռք համատեղ եւ միասնական աշխատանքներով մենք պիտի յաջողինք յաղթահարել նաեւ այս բարդ հարցերը։
«Օրեր առաջ Դուք ներկայ եղաք Եւրոպայի Հայ Դատի համագումարին։ Կիպրոսը եւս ներկայացուած էր իբրեւ Եւրոմիութեան անդամ։ Հայ Դատը պահանջատիրութիւն է ամէն բանէ առաջ. եւ պահանջատիրութիւնը այլեւս ամրագուած է Համահայկական Հռչակագիրով։ Մեր պահանջներուն եւ մեր իրաւունքներուն վերականգնման համար մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանի հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը կարեւոր երաշխիքներ են մեր համազգային երթի յաջողութեան համար։
«Կ՛ողջունենք նաեւ որ Կիպրոսը, Յունաստանն ու Հայաստանը միասին կը համակարգեն իրենց Սփիւռքի խնդիրները։ Մենք արդէն Սփիւռքի հետ աշխատելու մեր փորձառութիւնը կը միջազգայնացնենք այս ձեւով։ Եւ պատահական չէ որ այս երեք երկիրները իրար քով եկած են եւ իրար հետ կը համադրեն այս աշխատանքները, անոնք պատմականօրէն ունին շատ ընդհանրութիւներ եւ յայտարարներ։ Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի ուժ եւ կորով պարգեւէ առաւել եւս նպատակուղղուած թափով դէպի հայրենիք ուղղելու աշխարհատարած հայութիւնը»։
Տիկին Նախարարը խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հայրենիքի հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ կապուածութեան եւ շեշտեց սփիւռքի ներդրումի կարեւորութեան հայրենիքի բարգաւաճման, զարգացման եւ հզօրացման ոլորտներէն ներս: Ապա, լայն կերպով անդրադարձաւ Սփիւռքի Նախարարութեան աշխատանքներուն: Պետական Ներկայացուցիչը իր սրտի խօսքը ըսելէ ետք, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան Տիկին Նախարարին կողմէ: Անկէ ետք յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան:
Արժէ յիշել թէ Տիկին Նախարարն ու պատուիրակութիւնը, Սրբազան Հայրն ու Պետական Ներկայացուցիչը կէսօրին ճաշի պաշտօնական հիւրն էին Կիպրոսի Փոքրամասնութեանց Նախարար՝ Պրն. Ֆօթիս Ֆօթիուի:
21 Հոկտեմբեր 2017 Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

Scroll Up