«Հասկցայ, Թէ Որքան Հայրենասէր Եմ…». Յասմիկ Կարապետեան

Սիրուած երգչուհի Յասմիկ Կարապետեանի Հետ, որ վերջերս  վերադարձած է Հայաստան, «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը ծաւալեցաւ անոր`Գանատայի մէջ անցուցած կարօտաբաղձ օրերուգանատահայ համայնքի,  դստեր��? Տաթեւի եւ հետաքրքիր այլ հարցերու շուրջ:

-Յասմի՛կ, ֆէյսպուքեան Ձեր էջին վրայ յաճախ կը կարդանք գրառումներ, որոնց միջոցով կ՛արտայայտէք Ձեր սէրն ու կարօտն առ Հայրենիք: Դժուա՞ր է ապրիլ Գանատայի մէջ:

 -Արդէն հասցուցած էի մէկ անգամ այցելել Թորոնթօ` մասնակցելու ամուսնուս ընկերոջ հարսանիքին: Սակայն, երբ աղջկաս հետ ընտանիքը վերամիաւորելու համար մեկնեցայ  այնտեղ ապրելու, պատկերը բոլորովին փոխուեցաւ: Այդ ժամանակ հասկցայ, թէ որքան հայրենասէր եմ: Գանատայի մէջ ապրած վեց ամիսներն ինծի համար հոգեպէս շատ ծանր  եղած են:

Հասկցայ, որ օտարութիւնն ամենասարսափելի զգացողութիւնն է ինծի համար: Միշտ կը զարմանայի դուրսը ապրող այն մարդոց վրայ, որոնք կ՛ըսէին, որ կարօտցած են հայրենիքի հողն ու ջուրը, քարն ու թուփը: Բայց հիմա այդ ամէնը սեփական մաշկիս վրայ զգացի: Կարծես` Աստուած  փորձութեան մէջ դրաւ ինծի` տեսնելու` կը դիմանամ արդեօք, թէ՞ ոչ:

– Ձեր շուրջը հայկական միջավայր ստեղծա՞ծ էիք:

– Ինծի` որպէս հանրային մարդ, այդքան չէին ճանչնար, որ անշուշտ,  իր դրական ազդեցութիւնը ձգեց: Սկզբնական շրջանին կ՛ապրէինք Սարնիա քաղաքին մէջ, ուր հայեր չկային: Չնայած գտած էի Արամ պապիկին:

Մեր ծանօթութիւնը հետաքրքիր պատմութիւն ունի: Օր մը առեւտուրի մեծ կեդրոն  աղջիկս տարած էի: Այնտեղ գտնուող մանկական խաղահրապարակի մօտ յանկարծ հայերէն խօսող տղամարդու ձայն լսեցի, որ շատ հարազատ թուեցաւ ինծի: Շտապ այդ ձայնի հետքերով երթալով` տեսայ զինք եւ միանգամէն հարցուցի` հա՞յ է արդեօք: Պարզուեցաւ, որ լիբանանահայ է, Սարնիայի մէջ ճանչցուած գորգավաճառ է եւ գորգերու խանութ ունի:

Ծանօթանալէ յետոյ սկսաւ մեր բարեկամական շփումը: Գրեթէ ամէն օր իրենց տուն կ՛երթայի, կնոջ հետ ալ մտերմացայ: Կարծես` անոնք սփոփեցին Հայաստանի ու հարազատներուս  հանդէպ ունեցած կարօտս:

Չնայած օրուան մեծ մասը Տաթեւին հետ կ՛ըլլայի (ամուսինս աշխատանքէն ուշ  տուն կուգար), սակայն մեզի այցելութեան կու գային անոր ծնողները, ազգականները եւ մեր ընկերները, որպէսզի ես մինակ չզգայի:

-Անձնական կեանք դասաւորելուն` կը մտածէի՞ք այն մասին, որ պիտի յայտնուիք տարբեր մշակոյթ եւ մտածելակերպ ունեցող մարդոց շրջապատի մէջ:

-Սկզբնական շրջանին մտահոգութիւն կար: Սակայն, ժամանակի ընթացքին այդ անհանգստութիւնը փարատեցաւ: Ամուսնուս ծնողները շատ լաւ, բարեկիրթ մարդիկ են: Կեսուրիս հետ ջերմ յարաբերութիւններ  ձեւաւորուած են: Ան կը հետաքրքրուի իմ երգերով, տեսահոլովակները կը դիտէ, նաեւ հարցուփորձ կ՛ընէ, թէ երգարուեստի մէջ ինչ ձեռքբերումներ ունեցած եմ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ինծի ու ամուսնուս, ապա ինչպէս բոլոր զոյգերը, մենք նոյնպէս տարաձայնութիւններ ունեցած ենք, սակայն երկուստեք փոխըմբռման մթնոլորտի մէջ ներընտանեկան խնդիրները հարթած ենք: Ամենակարեւորն այն է, որ ան զիս ընդունեց այնպիսին, ինչպիսին որ կամ:

Առհասարակ, Շանթը հայրենասէր է, շատ կը սիրէ Հայաստանը:  Կը կարծեմ` մօտ ժամանակներս մենք վերջնականապէս կը հաստատուինք Հայաստանի մէջ:

– Հասցուցա՞ծ էք կապ հաստատել  Թորոնթոյի հայկական համայնքին հետ: Ձեր դիտարկմամբ, ինչպիսի՞ համայնք կը գործէ:

–Այս ընթացքին որքան հասցուցած եմ նկատել, Թորոնթոյի հայկական համայնքը բաւականին կենսունակ, համախմբուած,  հայաստանակեդրոն համայնք է եւ ներգրաւուած է ազգապահպան աշխատանքներու մէջ, կազմակերպուած կը գործեն համահայկական կառոյցները, հայկական եկեղեցին, դպրոցները: Ապրելով հայրենիքէն հեռու` թորոնթոյահայերը հետաքրքրուած են այստեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ միշտ պատրաստ են օգտակար ըլլալու Հայաստանին: Երիտասարդներն ալ հայրենասէր են, յաճախ կ՛այցելեն Հայաստան: Անոնք կը ձգտին լաւ մարդ դառնալու համար որակեալ կրթութիւն ստանալ:

Համայնքին հետ կապ հաստատելուս ինծի շատ օգնած է Թորոնթոյի մէջ բնակող ընկերուհիս` Ալենուշը, ոորւն հետ դեռեւս Թեհրանի մէջ` համերգային շրջագայութեան ժամանակ  ծանօթացած էի: Փորձեցինք այնտեղ համերգ կազմակերպել, սակայն հասկնալի էր, որ համայնքին մէջ ազգային, հայրենասիրական ոգի բարձրացնելու համար երգացանկս այնքան ալ չի համապատասխաներ:

Խեղդուելու չափ կարօտցած եմ բեմն ու հանդիսատեսը: Մինչեւ օրս այդ դատարկութիւնը կը զգամ: Ի հարկէ, մայրանալը սուրբ առաքելութիւն է, սակայն,  ատիկա ինծի համար քիչ է: Աղջիկս մեծնայ, կրկին կը վերադառնամ ստեղծագործական` ինծի այդքան հոգեհարազատ աշխարհ:

 –Հայաստան վերադառնալէ ետք առաջին քայլը ի՞նչ եղաւ:

– Առաջին հերթին ազգականներուս ու ընկերներուս հանդիպեցայ, կարօտս առի: Ապա սկսայ տարբեր նկարահանումներու եւ հարցազրոյցներու մասնակցիլ:

Երեւանեան փողոցներով զբօսնելուս` հասկցայ, որ մարդոց կողմէ չեմ մոռցուած. առ այսօր տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ կը մօտենան, կը զրուցեն հետս, հաճելի խօսքեր կ՛ըսեն` յորդորելով այլեւս չբացակայիլ Հայաստանէն:

Անկեղծ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ  երկրպագուներուն եւ  հանդիսատեսին, որ տեւական դադարէ յետոյ այսքան ջերմ ու անկեղծ ընդունելութեան արժանացուցին զիս: Սա ամենամեծ պարգեւն է ինծի համար:

Նկատեցի նաեւ, որ Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ Երեւանի մէջ փոխուած  է մթնոլորտը:

-Եւ ի՞նչ մթնոլորտ զգացիք:

–Նախ ըսեմ, որ գանատահայ համայնքը Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն Հայաստանի կողքին էր` սրտատրոփ սպասելով արդար յաղթանակի: Ես ալ կը հետեւէի Թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին, հոգիս ու միտքս Հանրապետութեան հրապարակին վրայ էր, նոյնիսկ  պահ մը ցանկացանք տոմս գնել ու Հայաստան գալ. կը վերապրէի ամէն մէկ պահը ու կու լայի:

Վերադառնալէ յետոյ  նկատելի էր, որ մարդիկ հանգիստ ու խաղաղ  դարձած են, անոնց աչքերուն վերականգնուած է ապագայի հանդէպ հաւատքը: Յոյսով եմ` ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ. հայ ժողովուրդն արժանի է բարեկեցիկ կեանքով ապրելու:

-Զրոյցն ամփոփենք Ձեր դուստր` Տաթեւի մասին խօսելով: Ինչպիսի՞ երեխայ է ան:

-Տաթեւն եռանդով լեցուն, աշխոյժ երեխայ է, արտաքնապէս նման է հօրը: Ան ուժեղ անհատականութիւն է, աչքի կ՛իյնայ սկզբունքային, նպատակասլաց բնաւորութեամբ, շատ  կը սիրէ բարձր տեղեր մագլցիլ:

Ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ Տաթեւը հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստանայ եւ չկտրէ կապը Հայաստանի հետ: Անոր նուիրուած «Իմ Տաթեւ» յուզիչ երգ գրած եմ, որուն տեսահոլովակին նկարահանման աշխատանքները շուտով կը սկսինք:

Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի

Լուսանկարները` Վահէ Մինասեանի եւ Յասմիկ Կարապետեանի անձնական արխիւէն

 

Scroll Up