«Հայաստանեան Համալսարաններուն ՄԷջ Շուրջ 4000 Սփիւռքահայ Կ’ուսանի».Կարէն Մնացականեան

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ Սփիւռքի վարչութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժինի պետ Կարէն Մնացականեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը ներկայացնէ ՀՀ կառավարութեան կողմէ սփիւռքահայ ուսանողներուն`  70 անվճար տեղ յատկացնելուն առնչուող հարցերու մանրամասութիւնները:

Պարո՛ն Մնացականեան, ՀՀ կառավարութեան կողմէ ե՞րբ  սկսած է իրականացուիլ սփիւռքահայ երիտասարդներուն պետական պատուէրի ծիրէն ներս ուսուցում տրամադրելու  որոշումը:

 – Այս ուղղորդուած եւ նպատակային քաղաքականութիւնը ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը սկսած է իրականացնել դեռեւս 1996 թուականէն` ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ:

ՀՀ կառավարութիւնը իւրաքանչիւր տարի պետական պատուէրի ծիրէն ներս 70 տեղ կը յատկացնէ սփիւռքահայ այն դիմորդներուն, որոնք ՀՀ համալսարաններու մէջ կը ցանկան հայագիտական ուղղուածութեան մասնագիտութիւններ ուսանիլ:

Ծրագիրին նպատակը, սփիւռքահայ երիտասարդներուն անվճար կրթութիւն տալու հնարաւորութենէն բացի, նաեւ սփիւռքեան համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման խնդրին նպաստելն է: Սփիւռքահայ երիտասարդները, մասնագիտական որակեալ կրթութիւն եւ հմտութիւններ ստանալէ յետոյ վերադառնալով համայնքներ, կը կարենան օգտակար ըլլալ հայապահպանութեան, համայնքային եւ կրթական գործի կազմակերպման հարցերուն մէջ:

Հայագիտական մասնագիտութիւններու մեծ մասը բաժին կը հասնի Երեւանի  Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին, յատկապէս մանկավարժական մասնագիտութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԵՊՀ-ին, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին, Հայաստանի գեղարուեստի պետական ակադեմիային եւ, բացառութեան կարգով, երբեմն նաեւ Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանին:

Այս տարի հանգամանքներու թելադրանքով փորձած ենք աւանդական սփիւռքէն եկած դիմորդներուն աւելի շատ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել: Առանձնակի աջակցութիւն  ցուցաբերուած է եւ յատուկ պայմաններ ստեղծուած սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ ուսանողներու համար:

Սուրիահայ ուսանողներու ուսման վարձավճարներու փոխհատուցման հարցով մեծ ներդրում ունին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը եւ ՀԲԸՄ-ն:

Որո՞նք կը համարուին հայագիտական մասնագիտութիւններ:

–Որպէս ռազմավարութիւն, եղած է եւ կը մնայ, ի հարկէ, մանկավարժութիւնը, յետոյ արդէն լեզուաբանութիւնը, բանասիրութիւնը, ազգային երգ-երաժշտութեան, պարուսոյցներու, թատերական գործունէութիւն ծաւալելուն առնչուող մասնագիտութիւնները (բեմադրութիւն, արուեստ), որոշ չափով նաեւ` ճարտարապետութիւնը:

Աշխարհագրական պատկերն ինչպիսի՞ն է. ո՞ր երկիրներէն յատկապէս սփիւռքահայ ուսանողներու աշխոյժ հոսք կը նկատուի:

-Ամենամեծ հոսքը կը նկատուի Մերձաւոր Սփիւռքէն, յատկապէս` Ջաւախքէն: Դիմորդներ ունինք Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ, ի հարկէ, Սուրիայէն` պատերազմական իրավիճակի պատճառով Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցներու ներկայութեամբ: Ընդհանուր առմամբ` շուրջ 1500 սփիւռքահայ ուսանող  օգտուած է  ՀՀ կառավարութեան այս որոշումէն:

Երկու տարի ՀՀ կրթութեան նախարարի հրամանով նախատեսուած պետական պատուէրի տեղերը նախատեսուած  եղած են միայն Գիւմրիի համալսարաններ դիմած սփիւռքահայ ուսանողներու համար: Նախաձեռնութեան նպատակը եղած է կրթական արտագաղթի վտանգի նուազեցումը, Գիւմրիի մէջ ուսանողական կրթական կեդրոններու կայացման աջակցիլը եւ քաղաքի` կրթական կեդրոն ըլլալու հանգամանքը հաշուի առնելը: Սակայն այդ մօտեցումն այդքան ալ  չարդարացաւ:

Չնայած այս տարի ալ որոշակի տեղեր յատկացուցած ենք Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի` Գիւմրիի եւ Վանաձորի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին` Գիւմրիի մասնաճիւղ դիմած այն սփիւռքահայ դիմորդներուն, որոնք համապատասխանած են սահմանուած չափանիշներուն:

Պարո՛ն Մնացականեան, քանի՞ սփիւռքահայ կուսանի հայաստանեան համալսարաններուն մէջ:

-Համալսարաններու  սփռուածութիւնը բաւականին մեծ է: Եթէ նկատի ունենանք նաեւ մասնաւոր, միջպետական եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կրթութիւն ստացող եւ ուսանողի կարգավիճակ ունեցող երիտասարդներուն, ապա թիւը կը հասնի շուրջ 4000-ի:

Նշեմ նաեւ, որ սփիւռքահայ երիտասարդները մասնագիտութիւն ընտրելուն հիմնականին մէջ հաշուի կ’առնեն իրենց բնակութեան երկիրներու առանձնայատկութիւնները: Այսպէս, օրինակ, Լիբանանէն կամ Սուրիայէն եկած ուսանողները կ’ընտրեն ճարտարապետի մասնագիտութիւնը, Ռուսաստանէն եկած ուսանողները` տնտեսագիտութեան ուղին կը բռնեն: Իսկ բժիշկի մասնագիտութիւնը, կարելի է ըսել, կ’ընտրեն գրեթէ բոլոր երկիրներէ եկած սփիւռքահայ դիմորդները, նոյնիսկ` արտասահմանցիները:

Այժմ աշխատանքներ կը տանինք այս տարուան կտրուածքով դպրոցներ յաճախող սփիւռքահայ երեխաներու թիւը  ճշդելու ուղղութեամբ:

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up