Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Ռալֆ Եիրիկեանը

Յուլիս 20-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց «Վիւասել-ՄՏՍ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Ռալֆ Եիրիկեան ներկայացուց ընկերութեան իրականացուցած ծրագիրները` նշելով, որ իրենց ներգրաւուածութիւնը տարբեր ծրագիրներու մէջ նախ եւ առաջ պայմանաւորուած է տուեալ ծրագիրներու շարունակականութեամբ: «Մենք դէմ ենք միայն մէկ անգամ իրականացուող ծրագիրներուն, որոնք կ՛ըլլան մէկ պահի համար»,-շեշտեց պարոն Եիրիկեան:

Ռալֆ Եիրիկեան կարեւոր համարեց նաեւ այն հանգամանքը, որ իրականացուող ծրագիրները պէտք է ուղղուած ըլլան նաեւ մարզերու զարգացման:

Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ համաձայն է գործարարին հետ եւ պատմեց «ՆերՈւժ» ծրագիրին մասին, որ հիանալի հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ Սփիւռքի մէջ բնակող երիտասարդներուն` ներկայացնելու գործարար գաղափար, այն վերածելու ստարտափի ու իրականացնելու հէնց հայրենիքի մէջ:

«Ծրագիրն, ի հարկէ, փորձնական է, բայց ատոր շուրջ ստեղծուած ոգեւորուածութիւնն ու մասնագէտներու վստահութիւնը կը խօսի այն մասին, որ ծրագիրը կը յաջողի»,- նշեց նախարարը:

Մխիթար Հայրապետեան ներկայացուց նաեւ ստարտափ ծրագիրի երեք հիմնական ուղղութիւնները (Գիւղատնտեսութիւն, Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ, զբօսաշրջութիւն), որոնցմէ օրինակ` գիւղատնտեսութիւնը հիանալի հնարաւորութիւն  կ՛ընձեռէ ստարտափներուն իրենց ծրագիրներն իրականացնել մարզերու եւ գիւղերու մէջ:

Կողմերը պայմանաւորուեցան անգամ  մը եւս հանդիպիլ ու քննարկել հնարաւոր համագործակցութեան վերաբերող տարբեր հարցեր:

Scroll Up