ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Իրանահայ Մաթեմաթիկոս Մկրտիչ Թումանեանը

Օգոստոս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրանի գիտութիւններու ակադեմիոյ անդամ, մաթեմաթիկոս Մկրտիչ Թումանեանը:

Ողջունելով հիւրը`  նախարարը կարեւոր  համարեց Իրանի անուրանալի ներդրումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու գործին մէջ, բարձր գնահատեց հայ–իրանական բարեկամութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի:  Նախարարը արժեւորեց Իրանի հայ համայնքի նկատմամբ պետական բարենպաստ քաղաքականութիւնը, շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը ստեղծէ բոլոր հնարաւորութիւնները, որ հայերը Իրանի մէջ ոչ միայն ապրին ու զարգանան, այլեւ` աշխոյժ մասնակցութիւն ունենան երկրի քաղաքական, տնտեսական, հասարակական ու մշակութային կեանքին, պահպանեն ազգային մշակոյթն ու լեզուն:

 Մկրտիչ Թումանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ հանգամանալից զրոյցին համար:

 Քննարկուեցան աշխատանքային եւ համագործակցութեան հարցեր:

 Մկրտիչ Թումանեան 48 տարի կը դասաւանդէ Թեհրանի համալսարաններուն մէջ, Թաւիրիզի համալսարանի փրոֆէսոր է:

 Կը հանդիսանայ Իրանի եւ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ, Իրանական մաթեմաթիկական միութեան գործադիր կոմիտէի անդամ:

Scroll Up