Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Դիւանապետ Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/IMG_1297.jpg)
Յուլիս 18-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ, Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տնօրէն Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հայրապետեան վստահութիւն յայտնեց, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հետ համագործակցութիւնը առաւել կը սերտանայ եւ կ’ամրապնդուի:
Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս տարի կը լրանայ Սուրբ Յակոբեանց տպարանի 185, Ժառանգաւորաց վարժարանի 170 եւ Արարայի ճակատամարտի 100-ամեակը, որոնց նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին: Դիւանապետը նաեւ ընդգծեց, որ պատրիարքարանի արխիւները կը թուայնացուին:
Խօսելով Երուսաղէմի հայկական համայնքին մասին` Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան նշեց, որ հայերն այնտեղ ապրած են վաղնջական ժամանակներէն, սակայն մեծաթիւ հայեր նաեւ հաստատուած են Ցեղասպանութենէն եւ ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք :