Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Յուլիս 16-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանը:
Ողջունելով Թեմակալ Առաջնորդին` նախարար Հայրապետեան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ հայկական եկեղեցին մշտապէս եղած է ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ հայապահպանութեան ու հայկականութեան կեդրոն: «Ուժ եւ կորով կը մաղթեմ Ձեզ` շարունակելու այն առաքելութիւնը, որ ստանձնած էք: Որեւէ կասկած չունիմ, որ մենք կը շարունակենք համագործակցիլ, ամրապնդել մեր կապերը»:
Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան ներկայացուց Ռումանիոյ թեմի պատմութիւնն եւ ունեցած հարուստ ժառանգութիւնը, խօսեցաւ տեղի թանգարանի, գրադարանի, մատենադարանի պատմափաստագրական մեծ արժէք ունեցող նմուշներու մասին: Հիւրը նշեց նաեւ, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ այս մասին պատմող «Ռումանահայոց թեմի գանձերը» ալպոմը:
Խօսելով համայնքի խնդիրներու մասին` Թեմակալ Առաջնորդը առանձնացուց մայրենի լեզուի մոռացման եւ ձուլման խնդիրները, սակայն շեշտեց նաեւ, որ եկեղեցին ամէն կերպ հայերու շրջանին մէջ կը սերմանէ հայկականութիւն, կը նախաձեռնէ բազում երիտասարդական ծրագիրներ, կը կազմակերպէ այցեր Հայաստան: «Շատ ողջունելի կ՛ըլլայ, եթէ համայնքէն քանի մը երիտասարդներ կարենան գալ եւ այստեղ ուսանիլ հայագիտութիւն առարկան: Ետ վերադառնալով` անոնք անկասկած համայնքէն ներս կը ներդնեն իրենց գիտելիքները»-նշեց Գերաշնորհ Տէրը: Ան նաեւ ընդգծեց հզօր սփիւռքագիտութեան կեդրոն ունենալու անհրաժեշտութեան հարցը:
Համաձայնելով հիւրին հնչեցուցած մտահոգութիւնները` սփիւռքի նախարարը նշեց, որ սփիւռքի մէջ ձուլման վտանգն ամէնուր է, եւ այս պարագային պէտք է մեծ նշանակութիւն տալ երիտասարդութեան հետ տարուող աշխատանքներուն: «Պէտք է ամէն ինչ ընել, որ սփիւռքահայ երիտասարդները յաճախ գան Հայաստան, ճանչնան իրենց երկիրը: Կը ցանկամ տեղեկացնել նաեւ, որ կը մեկնարկենք «ներուժ» ծրագիրը, որուն կրնան մասնակցիլ սփիւռք բնակող 18-35 տարեկան այն հայ երիտասարդները, որոնք ունին գործարար գաղափարներ: Յաղթողները հնարաւորութիւն կ’ունենան իրենց startup գաղափարները իրականութիւն դարձնել Հայաստանի մէջ: Ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ նախարարութեան այս եւ միւս ծրագիրներուն մասնակցին նաեւ ռումանահայ երիտասարդները»,-ընդգծեց նախարարը:
Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ նախարարութեան բոլոր ծրագիրները ենթարկուած են բովանդակային եւ ձեւաչափային փոփոխութիւններու, ընդլայնուած է կրթական բաղադրիչը, ատոնք դարձած են աւելի գործնական` հնարաւորութիւն ընձեռելով մասակիցներուն ճանչնալ հայ մարդու առօրեան, խնդիրները, տեսնել նաեւ, որ Հայաստանը ժամանակակից երկիր է, ուր կարելի է ապրիլ, ներդրումներ ընել:
Անդրադառնալով սփիւռքագիտութեան հզօր կեդրոն ունենալու վերաբերեալ Թեմակալ Առաջնորդի մտահոգութեան` Մխիթար Հայրապետեան ըսաւ, որ այս ուղղութեամբ եւս աշխատանքներ կը տարուին եւ արդիւնքերը շուտով ակնյայտ կ՛ըլլան:
Հանդիպման աւարտին Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան Սփիւռքի նախարարը հրաւիրեց Ռումանիա` առաւել լաւ ճանչնալու փոքրաթիւ, բայց հզօր հայկական համայնքը: