ՀՀ Վարչապետը Ներկայացուց Նուիրուած Գիրքերը եւ Տարեդարձներուն Իրարու Գիրք Նուիրելու Խորհուրդ Տուաւ

ՀՀ Կառավարութեան նիստին աւարտին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց այն գիրքերուն ցանկը, որոնք գործադիրին նուիրած է «Անտարես» հրատարակչութիւնը: Այդ գիրքերու ցանկին մէջ է Հրաչեայ Սարիբեկեանի «Երկուորեակների արեւը», «Այնտեղ, որտեղ աչքերդ երբ բացես», «Ապուշների ուղեւորութիւնը», Գուրգէն Խանջեանի «Ենոքի աչքը», Գրիգի «Յիսուսի կատուն», Արամ Աւետիսի «Կոյր կէտադրութիւն», Արթուր Միկոյեանի «Օտար լոյս, Դիանայ Գրիգորեանի «Դուռը թակում եմ», Արամ Պաչեանի «Ովկիանոս», «Ռոբինզոն», Արփի Ոսկանեանի «Չի վաճառւում», Առաքել Սեմիրջեանի «Յետողորմեայ», Վահրամ Մարտիրոսեանի «Սէրը Մոսկուայում» եւ այլ գիրքեր:

Վարչապետը խորհուրդ տուաւ ծննդեան տօներուն իրարու գիրքեր նուիրելու, յատկապէս ժամանակակից գրողներու գիրքեր: Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան, իր հերթին, կոչ ըրաւ ո՛չ միայն նուիրելու, այլ նաեւ՝ կարդալու այդ գրքերը, փոխանակուելու գիրքերով, քանի որ նախարարներուն բաժին հասած են տարբեր գիրքեր:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ ինծի բարակ գիրք նուիրած են»,- կատակեց Փաշինեանը՝ նշելով, որ այս ցանկէն բաւական բան կարդացած է արդէն:

Scroll Up