Սփիւռքահայ Երիտասարդները Կրկին Մէկտեղուեցան Հայաստանի ՄԷջ

Յուլիս 2-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ մեկնարկած «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային փուլին կը մասնակցին 61 պատանի Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Հոլանտայէն, Պելճիգայէն, Չեխիայէն, Սլովաքիայէն, Գերմանիայէն, Կիպրոսէն, Իրաքէն եւ ԱՄՆ-էն:
Մասնակիցներուն շարքին են նաեւ Ս.-Փեթերսպուրկի «Ուրարտու» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ Աննա Յովսէփեանը, Անժէլիքա Յովսէփեանն ու Կարապետ Կարապետեանը, որոնք «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կիսուեցան իրենց տպաւորութիւններով:
Աննա Յովսէփեան – կ՛ապրիմ Ս.-Փեթերսպուրկի մէջ, ուր կ՛այցելեմ «Ուրարտու» հայկական կիրակնօրեայ դպրոց: Կը յաճախեմ նաեւ ռուսական դպրոց, տեղափոխուած եմ 11-րդ դասարան:
«Ուրարտու» դպրոցին մէջ մեզի կ՛ուսուցանեն հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն, հայկական երգ ու պար, կը գործէ նաեւ ճատրակի խմբակ: Առարկաներէն շատ կը սիրեմ հայոց պատմութիւնը, յատկապէս հետաքրքուած եմ Կիլիկիոյ եւ Բագրատունիներու թագաւորութեան պատմութիւններով:
Շատ կը սիրեմ Հայաստան, կը ցանկամ հաստատուիլ իմ Հայրենիքիս մէջ, քանի որ այստեղ հանգիստ եւ ապահով կը զգամ: Արդէն երրորդ անգամ կ՛այցելեմ Հայաստան. նկատած եմ, որ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են մեր երկրին մէջ, իսկ Երեւանն առաւել բարեկարգ եւ գեղեցիկ դարձած է:
«Արի տուն» ծրագիրին մասին դեռեւս անցեալ տարուընէ լսած եմ: Որոշեցի գալ` մօտէն ծանօթանալու Հայաստանի տեսարժան վայրերուն, հայկական աւանդոյթներուն եւ կատարելագործել հայերէնի իմացութիւնս: Արդէն հասցուցած եմ լաւ ընկերներ ձեռք բերել, իրար հետ կը խօսինք տարբեր թեմաներու շուրջ, կը կիսուինք շրջայցերու մասին մեր տպաւորութիւններով: Կարծես` մանկութիւն տեղափոխուած ըլլամ:
Շատ կարեւոր կը համարեմ նաեւ ծրագիրի ծիրէն ներս հայրենագիտութեան դասընթացներու կազմակերպումը: Մեր ուսուցչուհին` Շողիկ Փահլեւանեանը (ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կից գործող «Վերածնունդ» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն-«Հ.Ա.») մեծ սիրով եւ հոգատարութեամբ ամէն ջանք կը գործադրէ` դասերը սերտելու համար: Շատ կ՛ուզեմ իրաւաբան դառնալ. այն ամէնն որ կապուած է այդ մասնագիտութեան հետ, ինծի շատ կը հետաքրքրէ:
Անժելիքա Յովսէփեան – Ես նոյնպէս «Ուրարտու» հայկական դպրոց կը յաճախեմ , շատ կը սիրեմ երգել եւ պարել: Քանի որ կը ցանկայինք տիրապետել հայկական պարարուեստի գաղտնիքներուն` քրոջս հետ դպրոցին մէջ յաճախած եմ հայկական պարի դասերու: Ոգեւորութեամբ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին. ամէն առաւօտ անհամբերութեամբ կը սպասեմ, որ կրկին հանդիպիմ ընկերներուս, մասնակցիմ հայերէնի դասերուն եւ շրջագայութեան մեկնիմ Հայաստանի տեսարժան վայրերով:
Այցելած բոլոր վայրերն ալ տպաւորիչ էին, սակայն առաւել տպաւորուած եմ Սարդարապատի յուշահամալիրով, ուր ակամայէն յիշեցի հայ ժողովուրդի կերտած հերոսական էջերը:
Կարապետ Կարապետեան – «Ուրատու» դպրոց մեծ սիրով կը յաճախեմ: Այնտեղ մեր ուսուցիչները մեզի կը սորվեցնեն հայերէն տառերը, ինչպէս նաեւ գրել, կարդալ, որ, կը կարծեմ, Սփիւռք ապրող հայ երիտասարդներուն համար ամենակարեւոր նախապայմաններէն մէկն է:
Ուրախացայ, երբ «Արի տուն» ծրագիրէն ներս շուրջս այդքան շատ հասակակիցներ տեսայ: Յոյսով եմ` իրար հետ կը ծանօթանանք եւ լաւ ընկերներ կը դառնանք` յետագային պահպանելով մեր կապը:
Մասնակցութիւնս կարեւոր կը համարեմ այն պատճառով, որ հնարաւորութիւն պիտի ունենամ մօտէն ծանօթանալու Հայրենիքիս, այցելելու այն բոլոր վայրերը, որոնք մինչ այս համացանցով կամ հեռուստացոյցով տեսած էի:
Գէորգ Չիչեան