Հայկական Տարազները Պատկերող Լուսանկարներու Ցուցահանդէս Պուլկարիոյ ՄԷջ

Յուլիս 28-29-ը Պուլկարիոյ Սոֆիա եւ Փլովտիւ քաղաքներուն մէջ ՀԲԸՄ նախաձեռնութեամբ կայացած է Ջուլիա Մութլուի Պատմական Հայաստանի տարբեր գաւառներու բնորոշ հայկական տարազներու եւ վանեցի լուսանկարիչ  Այթաչ Սելչուկի Վան քաղաքին մէջ կատարուած լուսանկարներու ցուցադրութիւնը:

Փլովտիւ քաղաքին մէջ ցուցադրութիւն կազմակերպելու նախաձեռնութեան հեղինակներն էին Փլովտիւի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Եզիազար Ուզունեանը եւ Գէորգեան ընտանիքը:

Փլովտիւի մէջ ցուցահանդէսը կայացած է քաղաքի յայտնի առեւտրային կեդրոններէն մէկուն մէջ:

«Շատ հետաքրքիր եւ յուզիչ ցուցադրութիւն էր, Այթաչ Սելչուկի աշխատանքներու միջոցով ներկայացուեցան Վան քաղաքի եւ շրջակայ շրջաններու հայկական եկեղեցիներու մօտ առնուած հայկական տարազներու լուսանկարները: Տարազներու վարպետը Ջուլիա Մութլուն է, որ այս աշխատանքներուն համար պարգրատրուած է ՀՀ նախագահի եւ Սփիւռքի նախարարութեան մետալներով», –«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերով խորհրդական Աղաւնի Գէորգեան եւ աւելցուց, որ Փլովտիւի մէջ հիւրերը մնացած են երեք օր:

«Շրջած են քաղաքի հին թաղամասերով, այցելած են հայկական թաղամասը եւ հայկական հին տուները, նաեւ  Պաչկովոյ եկեղեցի, որ կառուցուած է Բակուրեան եղբայներու կողմէ,-նշեց Աղաւնի Գէորգեան:

Scroll Up