Երեւանի Մեջ Ելոյթ Կ’ունենայ Նիւ Ճըրսիի «Նայիրի» Պարախումբը

Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձր հովանաւորութեամբ Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ Համազգայինի Նիւ Ճըրսիի մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի մենահամերգը` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90 եւ Համազգայինի Նիւ Ճըրսիի մասնաճիւղի հիմնադրման 50-ամեայ յոբելեաններու ծիրէն ներս:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, «Նայիրի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Գարիկ Խաչիկեան, պարուսոյցը` Հալէպի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Սարդարապատ» պարախումբի մենակատար Պարգեւ Սանոսեան:

Աւելցնենք, որ յուլիս 4-ին եւ 5-ին  «Նայիրի» պարախումբը համերգներ  ունեցած է Արցախի մէջ:

Նիւ Ճըրսիի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Նայիրի» պարախումբը հիմնուած է 2004 թուականին: Տարիներու բեղմնաւոր գործունէութեան ընթացքին պարախումբը Սփիւռքի մէջ մշտապէս նպաստած է հայկական պարարուեստը բարձր մակարդակով ներկայացնելու գործին` հանրահռչակելով հայկական մշակոյթը:  Ներկայիս պարախումբն ունի 80 անդամ:

Պարախումբը հիւրախաղերով հանդէս  եկած է ԱՄՆ-ի տարբեր քաղաքներու մէջ, համատեղ ելոյթներ  ունեցած է հայաստանեան նշանաւոր երգիչներու հետ: «Նայիրի» պարախումբը մասնակցած է բազմաթիւ համերգներու եւ փառատօններու:

Scroll Up