ՍԴՀԿ Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/06/SDHK-2.jpg)
Յունիս 28-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին ՍԴՀԿ Հայաստանի շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոբեան, քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Արմէն Մկրտիչեան, արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Գեղամ Յարութիւնեան, երիտասարդական թեւի պատասխանատու Արսէն Քուփելեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Շխրտմեան:
Վազգէն Մեսրոբեան կուսակցութեան անունէն շնորհաւորեց Սփիւռքի երիտասարդ նախարարը պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ աւելցուց. «Որպէս համահայկական կառոյց` մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք կանգնելու պետութեան եւ նախարարութեան կողքին:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր համարեց ՍԴՀԿ ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնն աւելի կ’աշխուժանայ: Անդրադառնալով շնորհաւորանքներուն` ան նշեց, որ թաւշեայ յեղափոխութեան ամենամեծ նուաճումը իշխանութեան փոխանցումն է ժողովուրդին: «Յաղթանակը չէ եղած ու պիտի չըլլայ քաղաքական անհատի կամ կառոյցի սեփականութիւն: Այն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու յաղթանակն է: Պէտք է պահենք այդ նուաճումը: Այս բարդ փուլին մէջ բոլորի աջակցութեան կարիքը կայ` հաւատով, համբերութեամբ, գործով: Այս յեղափոխութիւնը նաեւ արժէքներու յեղափոխութիւն է, վերագտած ենք մեր հպարտութիւնը եւ մեր ուժերուն նկատմամբ վստահութիւն ձեռք բերած ենք: Սփիւռքը համախմբելու, միասնական դարձնելու նոր ռազմավարութիւն կը մշակուի: Մշակման փուլի մէջ է նաեւ հայրենադարձութեան տեսլականը, որ յստակ ազդակ է ոչ միայն մեր հայրենակիցներուն, այլեւ ողջ աշխարհին: Պատրաստ ենք աշխատելու սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն ու անհատներուն հետ», – աւելցուց նախարարը: