«Արի Տուն-2014».Վերադարձ Ինքնութեան, Վերադարձ Մայր եկեղեցւոյ Գիրկ

«Արի տուն» ծրագիրի 6-րդ փուլին կը մասնակցին մեր պատմական մայրաքաղաքէն` Տիարպեքիր վերանուանուած Տիգրանակերտէն ժամանած 48 իսլամացած հայեր: Ի տարբերութիւն իրենց նախնիներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հարկադրաբար կրօնափոխ եղած են, ներկայ սերունդէն շատերը կը փորձեն վերագտնել կորսուած ինքնութիւնը եւ վերադառնալ արմատներուն: Անոնցմէ երկուքը` 52-ամեայ Ռահիմէ Քարաքաշը եւ Սամի Չելիքն այսօր մկրտուած են Էջմիածինի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Մկրտութիւնը կատարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Հայեցակարգային» գրասենեակի ղեկավար Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան:
Ռահիմէ Քարաքաշը մկրտութեան որոշումը երէկ ընդունած է` կատարելով իր հօր վաղեմի երազանքը. «Երէկ գիշեր ընկերուհիիս հետ կէս կատակ, կէս լուրջ կը խօսէինք, ու ես ըսի, որ եթէ վաղը այցելենք Էջմիածին, ինչու չմկրտուիմ: Յատկապէս որ միշտ ցանկացած եմ մկրտուիլ ու քրիստոնեայ դառնալ,-«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ըսաւ Ռահիմէն ու շարունակեց,- այսօր հպարտ եմ ու անչափ ուրախ, որ մկրտուեցայ հէնց Էջմիածինի մէջ ու դարձայ հայ քրիստոնեայ: Եւ ամենակարեւորը` կատարեցի հօրս վաղեմի երազանքը, որ միշտ կը ցանկար, որ իր զաւակները քրիստոնեայ դառնան»:
Քիչ մը տարբեր է Սամի Չելիքի մկրտուելու պատմութիւնը: Ան դեռ ամիսներ առաջ ընկերոջ հետ որոշած էր մկրտուիլ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ, սակայն ինչ-ինչ խնդիրներու պատճառով միայն ընկերը մկրտուած է: Ու եթէ այն ժամանակ ան տխրած էր, հիմա ուրախ է, որ հնարաւորութիւն ունեցաւ մկրտուելու Էջմիածինի Սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ մէջ:
Աւելցնենք, որ բարերար Րաֆֆի Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ Տիարպեքիրի մէջ 2013թ. առաջին անգամ կազմակերպուեցան հայերէնի ուսուցման դասընթացներ: Եւ առաւել աչքի ինկած մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են մեկնելու Հայաստան եւ մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին: