ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի յուղարկաւորութեան

Յունիս 30-ին Լիբանանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտը տրուեցաւ Յունիս 25-ին կեանքէն հեռացած տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  առաջնորդ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին:

 Հրաժեշտի կարգէն յետոյ Կաթողիկոսի դին տեղափոխուեցաւ Հայ կաթողիկէ  սուրբ Կոյսի աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարան, ուր եւ  տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը:

 Յուղարկաւորութեան, ի թիւս լիբանանահայ համայնքի հայ հաւատացեալներու, հոգեւոր, պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու ու ներկայացուցիչներու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

 

Scroll Up