Հայու Տեսակը` Արամազդ Պետրոսեան

Վրձինը կտաւին կը պատմէ իր սէրը, կը լեցուի, գոյն կը ստանայ աշխարհը` թաւջութակի թաւիշը գրկած: Անիրականն իրական է այս հեքիաթին մէջ: Հեքիաթ, որ կը ստեղծէ «Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը` գեղանկարիչ Արամազդ Պետրոսեանը:

Սէրը դէպի կերպարուեստ սկիզբէն ի վեր  պայմանաւորուած էր բարենպաստ միջավայրո՞վ, արուեստի որեւէ ճիւղին կապող արմատներո՞վ, թէ՞ պատահականութիւն է:

– Միանշանակ, միջավայրը մեծ ազդեցութիւն  ունեցած է. ծնած եմ արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Հայրս` նկարիչ Միքայէլ Պետրոսեանն է, մայրս` Անահիտ Ռէիշ-Պետրոսեանը, դաշնակահարուհի է: Տատիկս` ազգութեամբ գերմանուհի, վաստակաւոր ուսուցիչ Թաթիանա Ռէիշը, նոյնպէս դաշնակահար էր: Նման միջավայրի մէջ չստեղծագործելը շատ բարդ կ՛ըլլար: Մեր տունը, հօրս արուեստանոցին մէջ մթնոլորտը արուեստով  յագեցած էր` բեմադրիչներ, դերասաններ, գրողներ, թատերական գործիչներ, արուեստի մարդոց իւրայատուկ գունեղ ներկապնակ, որ ծնաւ մեծ սէր արուեստի նկատմամբ: Կը կարծեմ, որ  արուեստի բոլոր ճիւղերը փոխկապակցուած են, կը լրացնեն մէկը միւսին, ուստի իմ սէրս միայն գեղանկարչութեան հանդէպ չէ, այլ, առհասարակ, դէպի արուեստն է` իր բոլոր դրսեւորումներով;

Նկարել սիրած եմ, ինչպէս իւրաքանչուր երեխայ, առաջին նկարչական փորձերս չեմ որակեր որպէս արտակարգ երեւոյթ: Չորրորդ դասարանին ընդունուեցայ Հ.Կոջոյեանի անուան նկարչական մասնագիտացուած դպրոց: Դպրոցն աւարտելէ յետոյ ուսումս շարունակեցի Գեղարուեստի պետական  ակադեմիայի` «Գեղանկար եւ գրաֆիկա» բաժանմունքին մէջ, ատոր յաջորդեցին Սան Փեթերսպուրգի նկարչական ակադեմիայէն ներս անցուցած եմ վեց ամիսներ: Այնուհետեւ զօրակոչուեցայ բանակ: Բուռն ատեղծագործական կեանքս սկսաւ բանակէն զօրացրուելէ յետոյ: 2004 թուականէն առ այսօր մասնակցած ու կը մասնակցիմ ցուցահանդէսներու, գիտաժողովներու, ցուցադրութիւններու, մշակութային ծրագիրներու:

Նկարիչներ, նկարչական ուղղութիւններ, դպրոցներ, որոնք ձեւաւորած են Արամազդ Պետրոսեան արուեստագէտի աշխարհայեացքը: Որո՞ւն ոճը, գեղարուեստկան լուծումները  հոգեհարազատ են Ձեզի:

– Ութ-ինը տարեկանիս շատ տպաւորուած էի Մեմլինգի, Պոսխի, Վան Տէյկի կտաւներով, մինչ օրս կը սիրեմ ֆլամանտական, հոլանտական դպրոցը, չեմ կրնար ըսել, թէ ազդեցութիւնը կը կրեմ, սակայն, վստահաբար, ենթագիտակցութեանս մէջ ինչ-որ տեղ կը պահպանուի այդ սէրն ու կ՛արտայայտուի կտաւներուս մէջ: Զուգահեռ տարուած էի Վերածնունդի ժամանակաշրջանի իտալացի վարպետներով: Ինծի հարազատ են իտալական, սպանական դպրոցները, Վելասկեսի, Գոյայի, Ռեմբրանտի գեղանկարչութիւնը: Միաժամանակ մօտ եմ ժամանակակից մեկնաբանման նկարչութեան մէջ: Արուեստաբաններն այս ուղղութիւնը, որուն մէջ  կը ստեղծագործեմ, կը բնորոշեն որպէս ժամանակակից վերածնունդը, որ իր մէջ կը ներառէ արտայայտչական տարրեր, ապագայապաշտութիւն ու խորհրդանշական համադրութեամբ` համեմուած այլաբանական նոտայով: Այս ամէնուն ծանօթ ըլալով, այս ամէնը ներսդ  ունենալով` կը փորձես քու ուղղութիւններդ համադրել` ներաշխարհդ վրձինելուդ:

Գոյն, ձեւ, բովանակութիւն,  ո՞րն է առաջնայինն ու ընդգծուածը Ձեր կտաւներուն մէջ, բնութագրէք Դուք   Ձեզ որպէս գոյն, գունային համադրութիւն կամ բնութեան երեւոյթ:

– Նկարչութեան մէջ ինծի համար առաջնային ու երկրորդական բաժանումներ չկան, ամէնը միջոց է, որ կ՛օգնէ  ընդհանուր ներդաշնակութիւն  ստանալ մեղեդի, որ կը յուզէ մարդու հոգին ու հեղինակին ըսելիքը տեղ կը հասցնէ:

Նկարիչը հնարաւորինս պիտի մօտ ըլլայ բնութեան, միայն այդպէս կրնաս ստեղծել ազնիւ արուեստ: Ինչպէս Հայաստանի բնութիւնն ունի վառ գունաւորում ու կլիմայական տարբեր գօտիներ, այնպէս ալ իմ խառնուածքիս ու իմ արուեստիս, կը կարծեմ, բնորոշ են անցումները. մեղմէն` կոշտ, հանգիստ, խաղաղ վիճակէն մինչեւ փոթորիկ: Որեւէ գոյնի հետ կը դժուարանամ  նոյնացնել, որպէս գունային համադրութիւն` աւելի շատ տաք գունային երանգները  կը բնութագրեն ինծի:

Անհատական ցուցահանդէսներ  ունեցած էք ինչպէս Հայաստանի, այնպէս  ալ աշխարհի տարբեր ցուցասրահներու մէջ: Ռուսաստանի, Ֆինլանտայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, ԱՄՆի, Լիբանանի մէջ, մասնակցած էք ցուցադրութիւններու  աշխարհի  տարբեր երկիրներու մէջ,  միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթներու մրցանակակիր էք. Պարսելոնայի մէջ` Փիքասսոյին նուիրուած ցուցահանդէսին առաջին մրցանակ, Հայաստանի մէջ`  Երիտասարդ ստեղծագործողներու ցուցահանդէսին` առաջին մրցանակ, ԵՈՒՆԵՍԿՕ միջազգային ընկերակցութեան`«Աշխարհի մասնագէտ նկարիչներ»-ու անդամ, Անգլիոյ Թագաւորական ակադեմիայի պատուաւոր անդամ (որպէս լաւագոյն դիմանկարիչ), պատուոգիրներ, շնորհակալագիրներ: Ին՞չ զգացողութիւններ,  փոփոխութիւններ կը բերէ իւրաքանչիւր նոր ցուցահանդէս, անմիջական  շփումը ժամանակակից արուեստագէտներու հետ:

– Իւրաքանչիւր ցուցահանդէս, քու երկրիդ մէջ կամ երկրի սահմաններէն դուրս, առաջին հերթին հաշուետուութիւն է քեզի համար, կրնաս ինքզինքդ գնահատել կողքէն, տեսնել ուժեղ եւ թոյլ կողմերդ, քու առաւելութիւններդ, հասկնալ ինչը քեզի աւելի կը բնորոշէ, կը տարբերէ այս կամ այն ստեղծագործողէն:  Ցուցադրութիւնները նման են մեծ նաւարկութեան: Երբ դուն ունիս նաւարկելու որոշակի փորձ, կրնաս աւելի ճիշդ  տեսնել` ի՞նչ որակներ կը տիրապետես, որքանո՞վ  մրցունակ ես ու ինքնատիպ: Ինչպէս իւրաքանչիւր ճանփորդութենէ յետոյ, դուն կը հասկնաս, որ նոյն մարդը չես, որ քանի մը ամիս առաջ էիր: Այդպէս ալ որեւէ ցուցադրութենէ ետք կը մնայ  զգացողութիւններու  փունջ մը, որ եւ՛ մտածելու տեղի կու տայ, եւ՛ զգալու ու ստեղծագործելու նոր ազդակ, որ շատ կարեւոր է: Կ՛ըլլան շրջաններ, երբ ցուցահանդէսէն ետք չես ուզեր նկարել, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ չես ստեղծագործեր, պարզապէս ժամանակ  պէտք է, որ վերագտնես, վերաիմաստաւորես անցած ուղիդ ու ձեռքբերումներդ` առաջ տանելու համար:

Կինը որպէս ներշնչանքի աղբիւր` կեանքի, արուեստի մէջ: Ձեր նկարներուն մէջ մեծ տեղ կը յատկացուի Կնոջ կերպարին: Ո՞վ է Ձեր հերոսուհին, կանացիութեան, նրբագեղութեան չափանիշն արուեստի մէջ:

– Ճիշդ  նկատած էք, իմ կտաւներուս մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնէ Կինը: Կինն իր էութեամբ, բովանդակութեամբ կը զարմացնէ,  կը հիացնէ, կ՛ոգեշնչէ զիս: Մայրութեան եւերոյթը, որ ի վերուստ տրուած է Կնոջ, Կին-բնութիւն կապը`  անբացատրելի, առեղծուածային փունջ մըն է, որ կ՛ոգեշնչէ շատ արուեստագէտներու: Իմ հերոսուհիս  հաւաքական կերպար է, որ օժտուած է  կանացիութեամբ, մեղեդայնութեամբ, դուրս է ժամանակից ու ժամանակի ընկալումէն: Համաշխարհային արուեստին մէջ կանացիութեան չափորոշիչն ինծի համար յունական քանդակներն են, որոնցմով կրնաս անվերջ հիանալ:

Հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէք. «Իմ կտաւներուս մէջ կը փորձեմ գտնել իրականի ու անիրականի եզրը»:  նկարչական տեխնիկայ, խորհրդանիշներ, որոնք Արամազդ Պետրոսեանի ձեռագիրին մաս կը կազմեն, որոնք յաճախ կ՛օգտագործէք, անիրականը` իրական, շօշափելի կտաւներուն փոխանցելուն:

– Կ՛ախատիմ իւղաներկով, փասթիլով, ինծի համար աւելի հոգեհարազատ է գունային մեկնաբանումը, որոշակի միջավայր ստանալու համար գունային լուծումները: Գոյնին օգնութեան կու գայ  գծանկարը, միասնութեան մէջ կտաւը կը դառնայ ամբողջական: Թէեւ դուն կը ստեղծես ինչ-որ առումով շօշափելի, տեսանելի կտաւ (առարկայական արդիւնք), այդուհանդերձ կը փորձես սահմանափակ մակերեսի վրայ ստանալ յոյզերու խտացուած լուծումներ` հիմնականին մէջ փոխաբերական, որոնք չեն ըլլար տաղտկալի, կրեն իրենց մէջ  քու ներսդ գոյութիւն ունեցող անիրական աշխարհը: Բաւական բարդ է իրականութիւնը, ուր ամէն ինչ կարծես թէ ըսուած է, գտնել  նոր, հետաքրքիր լուծումներ ու մեկնաբանութիւններ: Եթէ կտաւը կը յուզէ, կտաւը կը գրաւէ, ուրեմն այդ լուծումները ճիշդ գտնուած են:

Աւարտէք նախադասութիւնը. Աշխարհը կ’ուզէի տեսնել …

– Աշխարհը կ’ուզէի տեսնել սիրով լեցուն:

Հ.Գ. Իրական հերոսները մեր կողքին, մեր շուրջն են. առաքինի, ստեղծագործ, սովորական-արտասովոր  մարդիկ` արուեստագէտներ, որուն գոյնը բնութիւնն է ու բնութիւնը`սիրոյ մեղեդին:

Զրուցեց Աղաւնի Գրիգորեան

Scroll Up