Սերժ Թանկեանն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունիս 25-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեանն ընդունեցին աշխարհահռչակ System of A Down ռոք խումբի երաժիշտ, երգահան Սերժ Թանկեանը: Վերջինիս կ՛ուղեկցէր ԱԺ պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը:

Հիղինակաւոր երաժիշտն իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց նախարարին ու պատմեց իր այցի հիմնական առաքելութեան մասին:

Թանկեան նշեց, որ այստեղ է` նոր կառավարութեան հետ կիսուելու իր գաղափարներէն մէկով, որ միտուած է մէկ հարթակի վրայ համախմբելու աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ բնակող հայութիւնը:

Խօսքն առցանց հարթակի մասին է, որ իր բնոյթով պէտք է ըլլայ եւ՛ գրաւիչ ժամանակակից օգտատիրոջ համար, եւ՛ պարունակէ այնպիսի բովանդակութիւն, որ կը նպաստէ հայերու ազգային դիմագիծի պահպանման:

Կողմերը համաձայնեցան միասին աշխատիլ  ու զարգացնել այս գաղափարը: Մխիթար Հայրապետեանն առաջարկեց հարթակի քննարկման ներգրաւել նաեւ Կլենտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը, որ նոյնպէս ունի հետաքրքիր առաջարկներ` կապուած այս գաղափարին հետ:

 

 

Scroll Up