ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Հայաստանեան Գրասենեակի Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Յունիս 22-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթը եւ ծրագիրներու բաժինի պատասխանատու Նուէր Սարգսեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց աշխոյժ համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի եւ միջազգային, բարեգործական, համահայկական կառոյցներու հետ, անոնց գործուն մասնակցութիւնը սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման: Մխիթար Հայրապետեանը մասնաւորապէս նշեց. «Մեզի համար շատ կարեւոր է մեր աշխատանքի արդիւնքը: Աշխատանքային հանդիպումներ կ’ունենանք ձեր խումբին հետ, կը մշակենք սուրիահայերու հարցերով զբաղուող բոլոր կազմակերպութիւններու աշխատանքը համակարգող մարմին, որ միասնական եւ արդիւնաւէտ կը դարձնէ անոնց գործունէութիւնը»:
ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ կարեւոր կը համարէ փախստականներու բոլոր խումբերու ներառումը ընկերային ծրագիրներուն, որ կ’օգնէ անոնց արագ ներգրաւուիլը հասարակութեան մէջ: «Կարեւոր է հասարակական կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը, համախմբումը, համագործակցութիւնը», –աւելցուց ան:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիահայերու ընկերային, տնտեսական հարցերու լուծման ուղղութեամբ իրականացուած քայլերուն, առաջնահերթութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: