Թեհրանի ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Իրանահայ Գրող Վարանդի Գիրքի Շնորհանդէսը

Յունիս 19-ին Թեհրանի «Չահարմահալ» միութեան Յովհաննէս Թումանեանի անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած գրական-գեղարուեստական ձեռնարկ` նուիրուած իրանահայ գրող Վարանդի «Ժամանակակից պարսից պոէզիա. ակներ ակներեւ» ծաղկաքաղ-գիրքի շնորհանդէսին, որ կը պարունակէ ժամանակակից իրանական գրականութեան շուրջ 100 ստեղծագործութեան թարգմանութիւն:
Յատկանշական է, որ 2017թ. իրանահայ գրողը ժամանակակից իրանական բանաստեղծութեան նուիրուած վերոնշեալ աշխատութեամբ մասնակցած էր Հայաստանի գրողներու միութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիի ներքոյ իրականացուող «Կանթեղ» մրցանակաբաշխութեան` արժանանալով թարգմանչական գլխաւոր մրցանակի:
Իր ելոյթին մէջ ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, շնորհաւորելով Վարանդը եւ բարձր գնահատելով անոր կատարած աշխատանքը, յատուկ անդրադարձ կատարեց Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու ծիրէն ներս միջմշակութային կապերու ամրապնդման` ընդգծելով երկու ժողովուրդներու մշակութային արժէքները իրար յաւուր պատշաճի ներկայացնելու կարեւորութիւնը:
Շնորհանդէսի ընթացքին հնչեցուած իր ելոյթին Վարանդը հանգամանօրէն ներկայացուց իր ստեղծագործութիւնը, խօսեցաւ «Կանթեղ» մրցանակաբաշխութեան եւ իրանահայ համայնքի գրական-մշակութային կեանքին առնչուող շարք մը խնդիրներու մասին:
Ձեռնարկին հնչեցին Վարանդի հեղինակած եւ շարք մը այլ ստեղծագործութիւններ:
Ներկաներու շարքին էին Իրանի գրական-մշակութային ոլորտի գործիչներ, իրանահայ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ այլ հրաւիրեալներ: